Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Տակաւին Չէ Յաջողած Գիւղատնտեսութեան Մարզը Ընկերայինէն Արդիւնաբերական Դաշտ Տեղափոխելու Գործը»

December 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzvig_121615

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին քննարկուած է կառավարութեան ներկայացուցած «Գիւղացիական համագործակցութեան մասին» օրէնքի ընդունման հարցը: Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Մարտուն Գրիգորեան, որ յարակից զեկուցողն էր, նշեց, որ քանի տարի է կը պայքարին, որ նման օրէնք ընդունուի, ու իրեն համար զարմանալի է, որ արտահերթով ու հրատապ դրութեամբ Ազգային ժողով եկած է այդ օրէնքը: Ան առաջարկեց, որ երկրորդ ընթերցումը ձգեն յաջորդ տարուան եւ այդ մասին լսումներ կազմակերպուին, որպէսզի օրէնքին հետ կապուած մտահոգութիւնները փարատին:

«Այս հրատապութեան ետին նպատակ մը կայ, ես կ՛առաջարկեմ մինչեւ երկրորդ ընթերցումը լսումներ կազմակերպենք Ազգային ժողովին մէջ, որ հասկնանք ինչի մասին է օրէնքը, եւ որպէսզի բոլորը պատրաստ ըլլան օրէնքի կիրարկման, ոչ թէ հրատապ կարգով ընդունուի, առանց փարատելու կասկածներն ու չպարզաբանուած հարցերը: Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ գիւղատնտեսութիւնը  հարկային դաշտ տանելու միտում կայ, ինչ որ բացասական կը  գնահատեմ», ըսաւ Մարտուն Գրիգորեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, խմբակցութեան անունով ունեցած ելոյթին ընթացքին, նախ անդրադարձաւ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ ստեղծուած վիճակին:

«Տակաւին չէ յաջողած գիւղատնտեսութեան մարզը ընկերայինէն արդիւնաբերական դաշտ տեղափոխելու գործը, այսինքն` գիւղատնտեսութիւնը այսօր ընկերային է, որովհետեւ կ’ապահովէ նուազագոյն եկամուտ, ծախսերու վերականգնում, իսկ ներկայիս վարկային համակարգի պայմաններուն մէջ նոյնիսկ ծախսերը վերականգնելու կարելիութիւնը կորսնցուցած է», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ  հիմնարար փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են:

Մինասեանի կարծիքով, գիւղատնտեսութեան մարզի խնդիրները հետեւանք են նախկին հանգրուաններու սխալ որոշումներ տալու փաստին, եւ այդ սխալ որոշում տուող անձերը այսօր առնուազն պէտք է ներում հայցեն: Պատգամաւորը նշեց, որ այդ օրէնքի ընդունման նշանակութիւնը չափազանց մեծ է, սակայն պէտք չէ հրատապ կարգով ընդունուի, ատիկա պէտք է լուրջ քննարկումի  առարկայ դառնայ, որովհետեւ խոցելի կէտեր ունի:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը 30 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ Հայաստանի Մէջ Բարեփոխումներուն Համար

Յաջորդը

Ամերիկացի Ծերակուտականը Դատապարտած Է Ազրպէյճանի Նախայարձակումը Հայ Ժողովուրդին Դէմ

RelatedPosts

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»
Գլխաւոր լուրեր

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

February 12, 2026
Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան`  Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»
Հայկական

Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան` Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.