Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պատասխան նամակին մէջ պաշտօնապէս ողջունած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատ գործիչ Էլիոթ Էնկելի հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան պահպանման վերաբերեալ առաջարկներու ծրագիրը:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն ներկայացուած առաջարկները… Առանց զինադադարի դրութեան խախտումները յստակացնող մեքանիզմներու կամ յարձակումներու աղբիւրը ճշդելու համար նախատեսուած սարքերու տեղադրման` համանախագահներուն համար դժուար պիտի ըլլայ ուժի կիրարկման հարցով յստակ մեղադրանքներ ուղղել կողմերէն մէկուն», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան նամակին մէջ:
Ռոյս-Էնկել նախագիծին մէջ առաջարկուող կէտերը ընդունուած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու կողմէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը եւ ԵԱՀԿ-ը եւս յայտնած են, որ կ՛աջակցին ներկայացուած նախագիծին: Միայն Ազրպէյճանն է, որ անոնց կիրարկման դէմ է:
Ամերիկացի օրէնսդիրները կ՛առաջարկեն երեք յստակ քայլեր, որոնք կրնան նպաստել շրջանին մէջ բոլոր քաղաքացիներուն համար համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման: Անոնց ներկայացուցած նամակին մէջ, որուն տակ ստորագրած են 80 քոնկրեսականներ, կոչ կ՛ուղղուի համաձայնութիւն ձեռք բերելու բոլոր կողմերէն` արձակազէններ չտեղակայել շփման գիծին վրայ, կրակոցներուն աղբիւրը ճշդող համակարգեր եւ ձայնային սարքաւորումներ տեղակայել` յարձակումներու աղբիւրը ճշդելու համար եւ ԵԱՀԿ-ի դէտեր տեղակայել` շփման գիծին վրայ զինադադարի խախտումներու դէպքերը աւելի լաւ վերահսկելու համար: