
«Մեր առջեւ կանգնած է գլխաւոր եւ սուրբ նպատակ մը` ազատագրել գրաւեալ տարածքները», յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:
«Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ ելոյթ ունենալով զօրամասի մը բացման ժամանակ` Հասանով վստահեցուցած է, թէ ազրպէյճանական զինուած ուժերը «կործանարար հարուածներ կը հասցնեն թշնամիին», ապա շարունակած է` ըսելով. «Հետագային աւելի կործանարար հարուածներ պիտի հասցնենք»:
«Մեր նպատակն է թշնամիին կործանարար հարուածներ հասցնել եւ քշել զայն մեր հողերէն: Մենք այժմ ատիկա պիտի իրականացնենք աւելի կարծր կերպով: Որքա՛ն արագ հասկնան բռնագրաւողները, թէ պէտք է լքեն մեր հողերը, այնքա՛ն քիչ կորուստներ պիտի ունենան: Մեր թշնամիները պէտք է իմանան եւ հասկնան այս իրականութիւնը», ըսած է Հասանով` ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան:


