
Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Տիոքովիչ նախորդ շաբաթավերջին Փարիզի մէջ աւարտած թենիսի մրցաշարքի աւարտականին, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելով անգիլացի Էնտի Միւրէյին, 2015 տարուան ընթացքին «Մասթըրզ-1000»-ի 6-րդ տիտղոսին տիրացաւ:
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ արհեստավարժ թենիսի ֆետերասիոնին («ATP») պատմութեան մէջ առաջին թենիսմենը, որ մէկ տարուան ընթացքին 6 «Մասթըրզ»-ի տիտղոսներ կը նուաճէ:
Ան այս տարի մասնակցեցաւ 8 «Մասթըրզ»-ներու եւ բոլորին ալ հասաւ աւարտական:
28 տարեկան Տիոքովիչ, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 26 «Մասթըրզ»-ներու, միայն մէկ տիտղոսով կը զիջի առաջին դիրքը գրաւող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալէն:


