Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թեհրանի Իսթիղլալը իր դաշտէն դուրս 3-0 արդիւնքով յաղթեց գործող ախոյեանին` Սպահանի Սեպահանին: Այս մասին կը յայտնէ TotalFootball.am-ը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յետսապահ Հրայր Մկոյեան, որ Իսթիղլալի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, մինչեւ մրցումին աւարտը իր մասնակցութիւնը բերաւ անոր:
Ան մեծապէս օգտակար դարձաւ իր կազմին, որ յաղթանակ արձանագրէ եւ իր ապահոված 21 կէտերուն շնորհիւ գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Յաջորդ հանգրուանին (30 հոկտեմբեր), Իսթիղլալ պիտի հիւրընկալէ Փերսփոլիսին: