Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցեցաւ Ֆրերներուն դէմ, արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` 5-1 արդիւնքով:
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, Քնարիկ Մուրատեան, Ժիրօ եւ Ռազմիկ Օգնայեան եղբայրները յաղթանակ արձանագրեցին, մինչ Րաֆֆի Ճիկերեան եւ Հրայր Պրունսուզեան հաւասարութիւն:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Անսար, որոնք այժմ ունին 14-ական կէտ, այսօր կը մրցին իրարու դէմ:
Անդրանիկ ունի 12 կէտ, Ռիատի` 7, մինչ Լիբանանեան բանակը եւ Ֆրեր` 6-ական կէտ: