Սպարտակ Մոսկուայի ֆութպոլիստներ Եուրա Մովսիսեան եւ Արազ Օզպիլիս հրաւիրուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` նախապատրաստուելու համար Սերպիոյ եւ Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, կը յայտնէ ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը:
4 սեպտեմբերին Հայաստան Նովի Սաթի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Սերպիոյ, իսկ երեք օր ետք Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Դանիան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Նշենք, որ զտումի 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստան մէկ կէտով կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը: