Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Գուբելեանի Նոր Վէպը` «Առաքելութիւն Ի Մարաշ, Ազգատոհմիս Գողգոթան»

Օգոստոս 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրախօսեց` ԳՐԻԳՈՐ ՇԷՆԵԱՆ

Kupelian1_8-20-151962-ին, Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրական մէկ ժողովին, մեր անմոռանալի խմբագիրը` Սիմոն Սիմոնեանը, Պօղոսին «Ափրիկեան ափերու վրայ» նոր լոյս տեսած հատորը ինծի երկարելով` ըսաւ. «Գրիգո՛ր, մոռցիր երգիծագիր ըլլալդ եւ թաւիշէ ձեռնոցով գրելդ, նստէ եւ Գուբելեանին նոր հատորը գրախօսէ»:

Տուն հասնելով` նստայ, մէկ շունչով եւ հաճոյքով կարդացի պատանեկութեան ընկերոջս ափրիկեան կեանքէն առնուած հատորը, որ հետագային 23 գրախօսականներու պիտի արժանանար:

Այժմ 14 հատորներու հեղինակ է Պօղոս Գուբելեան ու իբրեւ արձակագիր` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն դարձած է: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած իր «Առաքելութիւն ի Մարաշ, ազգատոհմիս Գողգոթան» նոր գործով, ան վիպագրութեան կողքին կը յայտնուի նաեւ որպէս պատմութեան ուսանող, շնորհիւ Եղեռնի մասին կատարած իր լուրջ պրպտումներուն եւ ուսումնասիրութեան: Արդարեւ, նոր հատորի առաջին քառասուն էջերը մէջբերուած են ամերիկացի միսիոնար Ճոնըթըն Քերրի` ականատեսի վկայութիւններով յագեցած «Մարաշի առիւծները» անգլերէն հատորէն, բծախնդիր թարգմանութեամբը նոյնինքն Գուբելեանի:

Պարզ օրինակ մը. «Նիր իսթ ռիլիֆ»-ի կողմէ հայ տարագրեալներուն հասցէագրուած գումարները Հենրի Մորկընթաուին կը ղրկուին օգոստոս 1914-ին եւ անմիջապէս Հալէպի գաղթակայաններուն կը յատկացուին: Թալէաթ փաշա անձամբ Միացեալ Նահանգների դեսպանին կը յայտնէ գումարին հասած ըլլալը:

– Մեզի ինչո՞ւ չէք տար այդ գումարը…,- հարց կու տայ ան:

– Ո՞ր գումարը…

– Ահաւասիկ Միացեալ Նահանգներէն հասած հեռագիրը, որմէ ի յայտ կու գայ, որ մեծ գումար մը ուղարկուած է հայերուն… Գիտե՞ս, որ հեռագիրներդ նախ իմ ձեռքէս կ՛անցնին… Հարցը այն է, թէ ինչո՞ւ այնքան մտահոգ էք հայերով, անոնք քրիստոնեայ են, իսկ դուք` հրեայ…

Հայ ընթերցողը ակամայ հարց պիտի տայ, թէ Հայ դատի յանձնախումբերը կամ նոյնինքն մարաշցիները ցարդ ինչո՞ւ չեն հրատարակած «Մարաշի առիւծներ»-ու հայերէն թարգմանութիւնը, զոր մեր գրչեղբայրը այնքա՛ն ձեռնհասութեամբ գլուխ հանած է:

Գալով Պօղոս Գուբելեանի վէպին` անիկա կառուցուած է օրօրոցային տարիքէն խօսեցեալներու սիրային անպաճոյճ պատմութեան մը վրայ: Անոնք Եղեռնի եւ տարագրութեան իբրեւ հետեւանք, կանուխէն կը բաժնուին իրարմէ: Այս ձեւը շարժապատկերի աշխարհին մէջ ընդունուած ձեւաչափ է: Ինչպէս վերջերս ծանուցուեցաւ, ողբացեալ Գըրգ Գըրգորեանի նիւթական միջոցներով պաստառ հանուելիք Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով շարժապատկերը` «Միշըն թու Մարաշ»-ի հետեւողութեամբ` սիրոյ պատմութեան շուրջ հիւսուած պիտի ըլլայ եւ այդ խորքին մէջ պիտի փորձէ ընդհանրացնել հայոց վիճակուած Եղեռնի արհաւիրքը:

«Առաքելութիւն ի Մարաշ»-ը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ու յաջող վէպ մըն է, որ 177 էջերէ կը բաղկանայ` գրուած գեղեցիկ ոճով եւ ընթերցանութիւնը հաճելի դարձնող սահուն լեզուով: Բարեկամ հեղինակը` հաւատարիմ մնալով գրական ոճին, ընթերցողի գլխուն բառերու հրավառութիւն սարքելու փորձութիւնը դիմադրած է:

Գուբելեանին ներկայ հատորը` «Միշըն Թու Մարաշ» խորագիրով, լոյս տեսած է նաեւ անգլերէն թարգմանութեամբ, որպէսզի օտարներն ու հայերէն լեզուի անգիտակ ընթերցողները եւս ծանօթանան Հայոց Եղեռնին:

Հեղինակը խորհրդանշականօրէն իր այս գործը ձօնած է «բոլոր ժամանակներու Ցեղասպանութեան զոհերուն»:

Խոստովանութիւն մը. երբ Պօղոսին մասին կը գրեմ, չեմ կրնար մտահան ընել անոր երէց եղբայրը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, երիտասարդ հասակին զոհուեցաւ: Երաժշտագէտ պատուական երիտասարդ մըն էր ողբացեալը:

Իբրեւ տարիներու խմբագիր, հայ ընթերցողին կը թելադրեմ կարդալ Պօղոսին սքանչելի այս գործը, որուն մէջ ան իր ընտանիքին պատմութեան ընդմէջէն կը փորձէ նկարագրել եւ պարզել այն դժբախտ պատահարներն ու քաղաքական հաշիւները, որոնք առաջնորդեցին իթթիհատական հրէշները Ցեղասպանութեան անմարդկային արարքը գործելու:

Ասոնց կողքին, հեղինակը գաղթի ու տարագրութեան ճանապարհներուն իր մարաշցի ու հաճընցի նախնիներուն ապրած դժոխքն ու ոդիսականը կու տայ, իրեն յատուկ գրական անպաճոյճ ոճով ու ազդու եղանակով:

Գիրքին նախաբանէն կ՛իմանանք, թէ հեղինակը դիպաշարի ոճով գրած է իր վէպը` հետագային շարժապատկերի վերածուելու համար: Տոհմագրութեան կողքին, ան թափ տուած է երեւակայութեան, եւ վտանգաւոր գործողութիւններով յագեցուցած է իւրաքանչիւր գլուխ: Օրինակ` ֆրանսիսքէններու որբանոցի տնօրէնուհի` իր հօրենական մեծ մայրը,  Երուսաղէմի իրենց որբանոցը այցելող Ճեմալ փաշային դիմաց կանգնելով, խրոխտօրէն կը պաշտպանէ պատուոյ համար թուրք ոստիկան մը սպաննած ու մահուան դատապարտուած ոմն «Ղասսապ Արթին»-ի դատը եւ զայն կախաղանէ եւ ստոյգ մահէ կ՛ազատէ…

Գուբելեանի` Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած այս վէպը Երեւանի մէջ արժանացած է «Արդի արձակ 21-րդ դար» մրցանակին:

 

 

 

Նախորդը

Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

Տեսակէտ. Պրոմէթէն Անդաւաճան` Նեմեսիսին

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?