Պատրաստեց՛ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ատրպատական
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի
Գիտական Բաժնի Տնօրէնի Այցելութիւնը
Ազգային Առաջնորդարան
6 օգոստոսին Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Թաւրիզի ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Գիտութեան բաժնի անգլիացի տնօրէն Ճոնըթըն Հաուըրտի այցելութիւնը:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին Ատրպատականի տարածքին գտնուող հայ ժողովուրդի ժառանգած հոգեւոր ու մշակութային հարստութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող դոկտ. Ճոնըթըն ծանօթացաւ տարածաշրջանին մէջ դարերու կեանք ունեցող հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հարուստ անցեալին:
Յատկապէս խօսելով եկեղեցապատկան կալուածներուն եւ մշակութային ժառանգութիւններուն մասին` սրբազան հայրը լայն բացատրութիւններ տուաւ հիւրին` Իրանի պետութեան կողմէ ցուցաբերուող հոգածու վերաբերմունքին եւ վերաշինութեան ծրագիրներուն շուրջ:
Դոկտ. Ճոնըթըն Թաւրիզի մէջ իր կեցութեան երկու օրերուն ընթացքին առիթ ունեցաւ այցելելու Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, ինչպէս նաեւ Թաւրիզի մէջ գտնուող եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները, որոնք խորապէս տպաւորեցին զինք:
Սրբազան հայրը այս առիթով յուշանուէրով պատուեց դոկտ. Ճոնըթնը եւ նկատել տուաւ, որ անցեալին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը նիւթական նպաստներով կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ատրպատականի հայոց թեմի կրթական ու մշակութային բազմաթիւ ծրագիրներու հովանաւորութիւն շնորհելով: Դոկտ. Ճոնըթըն իր կարգին յայտնեց, թէ Լիզպոն վերադարձին պիտի ուսումնասիրէ հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի եւ թեմի կապերը վերահաստատելու միջոցները` նպաստելու համար Ատրպատականի հայութեան հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքի պահպանութեան:
Առաջնորդին Հանդիպումը`
Չալտրանի Կուսակալին Հետ
1 օգոստոսին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան` ընկերակցութեամբ վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի վարչութեան, շնորհակալական այցելութիւն մը տուաւ Չալտրանի կուսակալ Հիւսէյնզատէի:
Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կուսակալութեան կողմէ Ս. Թադէի վանք կատարուած ուխտագնացութեան առիթով տրամադրուած բոլոր օժանդակութիւններուն համար:
Կուսակալ Հիւսէյնզատէ իր կարգին, բարձր գնահատեց ուխտագնացութեան հանդէպ իրանահայութեան ու յատկապէս Ատրպատականի հայութեան ունեցած երկիւղալից մօտեցումը, եւ իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուած կարգ ու կանոնին հետեւելու բծախնդրութիւնը:
Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը ազգային իշխանութեան եւ վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի անունով հայկական մանրանկարչութեամբ ու թեմի վանքերու խորհրդանշաններով զարդարուած գնահատական գիր մը նուիրեց կուսակալին` մնայուն գործակցութեան հեռանկարով:
Նշենք, թէ սրբազան հայրը նոյն գնահատագիրի պատճէնը ուղարկեց նաեւ արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետ Սաատաթի, գնահատելու համար կուսակալին կատարած դրական աշխատանքը` ուխտագնացութեան երեք օրերուն ընթացքին: Նշենք, որ Ատրպատականի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, թեմի առաջնորդի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ 23-25 յուլիսին հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Ս. Թադէի 61-րդ տարեկան եռօրեայ ուխտանգացութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Ազգային Եւ Յեղափոխական
Երգերու Երեկոյ
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Պըրպենքի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Պըրպենքի «Կայծակ» պատանեկան միութեան, 31 յուլիսին Պըրպենքի հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Դրօ Գրիգորեան եւ Րաֆֆի Պատոյեան:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 120 պատանիներ, որոնք եկած էին տարբեր շրջաններէ:
Խանդավառուած յեղափոխական մթնոլորտէն` պատանիները սկիզբը բեմին շուրջ հաւաքուելով, ապա` բեմ բարձրանալով սկսան իրենք եւս երգել:
Շանթ Սահակեան` Հայ Դատի Յանձնախումբի
Արհեստավարժներու Միութեան
Արհեստավարժ Համանախագահ
Կազմակերպութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արհեստավարժներու միութեան, 31 յուլիսին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Արհեստավարժներու միութեան տարաբնոյթ ձեռնարկները կը նպաստեն մասնագէտներուն ծանօթանալու իրարու հետ, նաեւ կարծիքներ փոխանակելու` աշխատանքային հմտութիւններու վերաբերող եւ համագործակցութեան համատեղ ծրագիրներ մշակելու, միաժամանակ` առիթ են ուսանողներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներու համար նոր կապեր ստեղծելու, արհեստավարժներէն խորհրդատուութիւն ստանալու: Սոյն միութեան համանախագահ Շանթ Սահակեան յայտնեց, թէ միութեան նպատակներէն է աջակցիլ ամերիկահայ երիտասարդներուն` ձեռք բերելու ղեկավարի հմտութիւններ եւ ցոյց տալու ուղիներ` իրենց մասնագիտական ծիրին մէջ յաջողելու համար:
Արհեստավարժներու միութիւնը պարբերաբար կը նախաձեռնէ տարբեր բնոյթի հաւաքներու, ինչպէս խորհրդատուական ձեռնարկներու, մասնագիտական դասախօսութիւններու, ժամանցային բնոյթի ձեռնարկներ: Միաժամանակ, Արհեստավարժներու միութեան անդամները նիւթապէս եւ բարոյապէս իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն` համագործակցելով անոնց հետ:
Նարեկ Հախնազարեանի Ելոյթը
2011-ին Չայքովսքիի անուան հեղինակաւոր մրցանքին առաջնութիւն խլած թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան վերջերս Լոս Անճելըսի «Հոլիվուտ Պոլ»-ի մէջ Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ ունեցաւ շատ տպաւորիչ ելոյթ մը:
Իբրեւ գլխաւոր մենակատար, Հախնազարեան նախ կատարեց Չայքովսքիի մօտաւորապէս 20 վայրկեաննոց «Ռոքոքօ Տարբերակներ» կտորը:
Ապա, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեկնաբանեց Փըրքինսընի «Ողբերգներ» ստեղծագործութիւնը, որ թաւջութակի եւ ձայնի համար յօրինուած կտոր մըն է` միաժամանակ երգելով:
Նարեկ Հախնազարեան ծնած է 1988-ին, Երեւան: Աւարտած է Մոսկուայի պետական երաժշտանոցը եւ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին դարձած է միջազգային համբաւ վայելող երաժիշտ: Արժանացած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի քննադատի դրուատանքին, իսկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը զայն անուանած է արտակարգ թաւջութակահար:
Հախնազարեան մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու եւ արժանացած բարձր գնահատանքի: Ան ելոյթներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու (Լոս Անճելըս, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Ֆլորիտա եւ այլն), ինչպէս նաեւ Թոքիոյի, Լոնտոնի, Փարիզի, Վիեննայի, Մոսկուայի, Երեւանի եւ աշխարհի այլ քաղաքներու մէջ:
Հարաւային Նեւատայի Համալսարանին Մէջ
Պիտի Դասաւանդուի Հայերէն
Առաջին անգամն ըլլալով, 24 օգոստոսին հարաւային Նեւատայի համալսարանին մէջ պիտի սկսին հայերէն դասաւանդութիւնները:
Այս նպատակով համալսարանին ներկայացուած դոկտ. Վարդուհի Ֆիլհանէսեան-Աշէրեանի ծրագիրը վաւերացուած է արդէն համալսարանին կողմէ եւ ան պիտի սկսի հիմնական հայերէն դասաւանդելու:
Այս ծրագիրին մանրամասնութիւնները Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ դեսպան Ատրուշան Արմէնեանին փոխանցելու համար, դոկտ. Վարդուհի Ֆիլհանէսեան-Աշէրեան վերջերս այցելեց հիւպատոսարան եւ բացատրեց, որ իր ջանքերուն նպաստած է նաեւ համալսարանի միջազգային լեզուներու բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Քեն Ումլանտ:
Ռաքսեն Պետրոսեան
«Տարուան Ուսուցիչ»-ը Կը Հռչակուի
ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսուցիչ Ռաքսէն Պետրոսեան 2015-ի «Տարուան ուսուցիչ»-ը հռչակուեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ճիւնիըր Ըչիվմընթ» կազմակերպութեան կողմէ:
Պետրոսեանի յանձնուեցաւ մրցանակը յուլիս 30-ին, Սենչըրի Սիթիի մէջ կայացած կազմակերպութեան տարեկան ձեռնարկին ընթացքին:
Ռաքսէն Պետրոսեան ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ընկերային ուսմանց բաժանմունքի պատասխանատուն է: Ան կը դասաւանդէ բանավէճի ու գործարարութեան նիւթերը: Ան 22 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ նշեալ վարժարանին մէջ:
Վահէ Պէրպէրեան Ժապաւէն Կը Պատրաստէ
«Վերջերս արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան մեկնեցաւ Հայաստան` իրականացնելու համար ստեղծագործական քանի մը ծրագիրներ:
Այս ծրագիրներու շարքին, ան նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի տանի հայաստանեան միջավայրին մէջ տեղի ունեցող ժապաւէն մը պատրաստելու համար: Վահէն այս ժապաւէնը կը պատրաստէ յայտնի դերասան, բեմագիր եւ արտադրող Վահիկ Փիրամզէի հետ, որ նոյնպէս Հայաստան մեկնած է:
Ժապաւէնը կը կրէ «Քասթինկ Էմիլ» անունը: Անդրադառնալով անոր պատրաստութեան Վահէ Պէրպէրեան ըսաւ, թէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու իւրայատուկ ներկայացում մը պիտի ըլլայ, անսպասելի իրավիճակներով եւ զաւեշտներով յագեցած:
ՀԲԸՄ-Ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի
Ուսուցիչ Դոկտ. Ռէյմընտ Իլին Կը Մեծարուի
ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի բնագիտութեան ուսուցիչ դոկտ. Ռէյմընտ Իլին վերջերս ստացաւ Միացեալ Նահանգներու օդանաւորդութեան եւ անջրպետի ազգային վարչութեան (NASA) «Իրագործում»-ի մրցանակը, դէպի միջազգային անջրպետային կայան ղրկուելիք առաքելութեան մը բերած իր կենսական մասնակցութեան համար:
Ան այս իրագործումը իրականացուց անջրպետագնացութեան մարզին մէջ աշխարhի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը հանդիսացող Փասատինայի «Ճէյ.Փի.Էլ.» հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ:
Դոկտ. Ռէյմընտ Իլին հինգ տարիէ ի վեր կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդատուութիւն կը կատարէ գիտութեան մարզով հետաքրքրուած աշակերտներուն: