ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի կարենաք ձեր ապագան կերտել մեծ ինքնավստահութեամբ: Լաւ ծրագիրներով սկսած էք, այսպէս շարունակեցէք: Բախտը ձեզի հետ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ամուսնացած էք, ձեր կողակիցին հետ տրուած որոշումները եւ ծրագիրները պիտի իրագործուին, եւ լաւ հիմերու վրայ պիտի դնէք ձեր ընտանիքը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ միշտ ձեր խորհուրդին կը դիմեն եւ բնաւ յուսախաբ չէք ըներ զիրենք: Ձեր ներկայութիւնը անհրաժեշտ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրոյ արկածախնդութեան մէջ էք, թոյլ տուէք, որ հարցը ընթանայ իր քայլերով եւ համբերութեամբ` դուք ձեր երազին կը հասնիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պզտիկ անհասկացողութենէ վերջ ընտանիքը կը վերամիանայ. առիթն է կապը զօրացնելու: Վիրաւորանքները տեղ չեն հասցներ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքը սրբութիւն է. հոն պիտի գտնէք գգուանք եւ սէր, զոր ուրիշ տեղ կարելի չէ գտնել, կեանքը դասաւորուած պէտք է ըլլայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր պաշտօնը լաւ կը կատարէք, ինչ որ աննկատ պիտի չմնայ, ձեր մեծաւորները պիտի գնահատեն ձեզ եւ այդ արժէքով յաւելումներ պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կատարեալ մարմնամարզի շրջան մը մեծապէս պիտի նպաստէ ձեր կազմուածքին. ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ եւ լաւ պայմաններով պիտի շարունակէք ձեր գործը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մերձաւորները ձեր օգնութեան պէտք ունին, եւ դուք պէտք եղածը ընելու կարողութիւնը պիտի ունենաք եւ անոնց հարցերը պիտի դիւրացնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր շրջանակի մը մէջ պիտի ունենաք նոր բարեկամներ, որոնց հետ հոգեկան ջերմ պահեր պիտի ունենաք եւ ձեր միութիւնը պիտի ամրապնդէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընկերութեան մէջ դուք ձեզ մի՛ պարտադրէք. յարգեցէք անոնց կարծիքները, քանի որ ամէն մարդ ապրելակերպ մը եւ մտայնութիւն մը ունի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կը ծրագրէք օտար երկիր մը երթալ. ինչո՞ւ չէ. կատարեցէք ձեր փափաքը եւ նոր փորձառութիւններ պիտի ունենաք: Առանց արկածախնդրութեան նորութիւն չենք ունենար: