Զուտ սպանական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին, տեղի պիտի ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Պարսելոնա եւ Սեւիլլա:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ «Պորիս Փայշածէ Տինամօ Արենա» մարզադաշտին վրայ (Թիֆլիս, Վրաստան): Օրուան իրաւարարն է Ուիլի Քոլիւմ (Սկովտիա):
«Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսակիրը` Պարսելոնա, դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Նէյմարի (անհանգիստ ըլլալուն պատճառով):
Մրցումը կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ լաւ ձեւով պատրաստուած են նոր տարեշրջանին: