Չելսիի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբը մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց չորս տարիով: 52 տարեկան մասնագէտը լոնտոնեան կազմին հետ պիտի մնայ մինչեւ 2019:
Նշենք, որ փորթուգալցի Մուրինիօ, որ 2013-ին վերադարձաւ Չելսի, նախապէս խումբին մարզիչը եղած է 2004-2007 ժամանակամիջոցին: