Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի յառաջապահ Փետրօ Ռոտրիկես, մտադիր է փոխել իր ակումբը:
Վերջերս ան Պարսայի հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2019` մերժելով Փարիզ Սեն Ժերմենի, Արսենալի եւ Լիվըրփուլի բաւական կոկիկ առաջարկները:
Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որ իր կազմին կ՛ուզէ միացնել Փետրոն, կապ հաստատած է անոր հետ, որմէ ետք Փետրօ փոփոխութեան ենթարկած իր միտքը:
Եթէ երկու ակումբները իրարու հետ համաձայնին, լոնտոնեան ակումբը, Փետրոյի փոխանցման համար պատրաստ է վճարելու 30 միլիոն եւրօ, կը յայտնէ Totalfootball.am: