Սպարտակ Մոսկուա, որ այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ Զուիցերիոյ մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարելով տեղւոյն կազմերէն Սենթ Կալենի դէմ, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան (9-րդ), որ ապաքինելով իր ստացած վնասուածքէն, վերադարձած է խաղադաշտ, կը յայտնէ Totalfootball.am: Ան փոխարինուեցաւ 61-րդ վայրկեանին:
Այս մրցումին 76-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ նաեւ Մովսիսեանի խմբակից Արազ Օզպիլիս:
Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի բացման մրցումին, 17 յուլիսին Սպարտակ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Եուֆայի դէմ: