Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՅԱՏՈՒԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ՖԷՅԹՐՈՒՆԻ «ՍԱԹԵԼԻԹԻ» ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՄԱՐ ԺԸՐԺՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

August 15, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ս. պատարագի ընթացքին

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով երէկ` կիրակի, 14 օգոստոսին, Ֆէյթրունի «Սաթելիթի» համալիրի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Արարողութիւնը հովանաւորեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Ան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ իր կեանքը կապած է Աստուծոյ եւ Քրիստոսի, մարդ- Աստուած յարաբերութիւնը ուղղակիօրէն իրարու առնչուած է եւ իւրաքանչիւր անձ իր հաւատքին մէջ ընդհանրապէս կը դիմէ Աստուծոյ: Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ առաջին եկեղեցին, կարեւոր տեղ կու տայ սուրբերուն: «Սուրբերը այն անձերն են, որոնք Աստուծոյ հաճելի եղան եւ իրենց կեանքով, սրբութեամբ ու հաւատքով Աստուծոյ կողմէ ընտրուեցան», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ մեր քրիստոնէական հասկացողութիւնը տեղ կու տայ այդ սուրբերուն եւ մեզ կը քաջալերէ, որ Աստուծոյ դիմենք այդ անձերուն միջնորդութեամբ:

«Սուրբերու դասակարգին մէջ Ս. Մարիամ Աստուածածին կը գրաւէ յատուկ տեղ», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան բացայայտելով, որ Աստուածածինը կը կոչենք ամենասրբուհի, եւ անոր տեղը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տարբեր հանգամանք ունի: Սրբազանը շեշտեց, որ քրիստոնէութեան սկիզբ տուողը եւ մարդկութեան փրկութեան ճամբան բացողը Աստուածամայրն էր` աւելցնելով, որ այս պատճառով իրեն նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքը տարբեր է: Անդրադառնալով Աստուածամօր մահուան` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ ան փառաւորուեցաւ Աստուծոյ կողմէ եւ երկինք փոխադրուեցաւ:

Ակնարկելով խաղողօրհնէքի արարողութեան` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ խաղողը կ՛ուտենք օրհնուելէն ետք, եւ ընդգծեց, որ այս երեւոյթը կը նպաստէ, որ մենք վարժութիւն ունենանք պահելու աւանդութիւնը, ունենանք գիտակցութիւնը մեր հայրերուն կողմէ դրած օրէնքին, նաեւ ունենանք իւրայատկութիւնը, թէ մենք ունինք մեր յատուկ օրէնքը, որ մեր կեանքին իմաստ կու տայ:

Պատարագէն եւ առաջնորդ սրբազանի պատգամէն ետք կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Այնուհետեւ «Քասր Պաշա» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Սարգիս Բարմաքսըզեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները եւ թաղականութիւնը, տիկնանց միութեան եւ դպրաց դասին օգնութեամբ ճիգ չեն խնայեր իրենց կապը միշտ ամուր պահելու շրջանի ծխայիններուն հետ` անոնց տալով հոգեւոր մատակարարում եւ աղքատախնամի ճամբով օգնութեան ձեռք երկարելով կարիքաւորներուն:

Բարմաքսըզեան յայտարարեց, որ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը պիտի պարգեւատրէ Պօղոս Քսաճիքեանը, որ 47 տարի անսակարկ ծառայած է եկեղեցւոյ: Ան յուշանուէրը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որպէսզի իր կարգին զայն փոխանցէ Պօղոս Քսաճիքեանի:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին խօսք առնելով յայտնեց, որ ներկայ սեղանակիցները եկեղեցւոյ ծառայողներուն խմբակն է` շեշտելով, որ «մեր ծառայութիւնը նուիրեալ ծառայութիւն է, որովհետեւ քրիստոնէութիւնն է, որ ծառայութեան նուիրական իմաստ տուաւ»: Ան գնահատեց ներկաներուն հաւատքը, որ ծառայութեան ետին կը գտնուի` աւելցնելով, որ ծառայութիւնը ունի իր սկզբունքներն ու նուիրականութիւնը, զորս պէտք չէ սակարկել: Ան թելադրեց, որ ժամանակներու հետ չսակարկենք ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ մեր նախնիները աւելի բծախնդիր էին այս սկզբունքներուն նկատմամբ:

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՊԱՆՔ ՕԹՈՄԱՆԻ 115-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՍՊԵՏՆԵՐԸ (14 ՕԳՈՍՏՈՍ, 1896)

Յաջորդը

ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ «ՖԱՔԹԷՕՐ 301» ԿԱՅՔԷՋԻ ՕԳՈՍՏՈՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆԻՒԹԵՐԸ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։