4-5 օգոստոսին Պայէրն Միւնիխի «Ալիանց Արենա» ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ամառնային աւանդութիւն դարձած «Օտի Քափ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը:
Իր լուրը քաղելով «Քիքըր»-էն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ այս մրցաշարքին կը մասնակցին Ռէալ Մատրիտ, Թոթենհամ, Ա. Սէ. Միլան եւ մրցաշարքը հիւրընկալող խումբը` Պայէրն Միւնիխ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքի վերջին տիտղոսին տիրացաւ Պայէրն Միւնիխ` 2013-ին:
Մրցաշարքին առաջին օրը տեղի պիտի ունենան Ռէալ Մատրիտ – Թոթենհամ եւ Պայէրն Միւնիխ – Ա. Սէ. Միլան կիսաւարտականի մրցումները: Իսկ անոր երկրորդ օրը` աւարտականի եւ 3-րդ դիրքի մրցումները: