Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Ներկայացնող Երեսփոխանները

Մայիս 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-26-15_bkerke

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական թափուր աթոռին հարցը:

Երեսփոխաններուն ներկայութեան Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ժողովրդավարական ելքի մը շուրջ համաձայնիլ` հիմնուելով նախագահական ընտրութեան մասին սահմանադրական յօդուածներուն վրայ:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ամօթ է նախագահական թափուր աթոռով այլ տարի մը սկսիլ:

Ան ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի իւրայատկութիւնը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանի ազգայնութիւնը հիմնուած է երեք յատկանիշներու վրայ, որոնք են` ազատութեան եւ հաւասարութեան հիման վրայ բազմազանութեան պահպանումը, քաղաքական կեանքին առումով լիբանանեան Ազգային ուխտին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ուխտին համաձայն լիբանանեան իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ նախագահական աթոռին թափուր իրավիճակէն դուրս գալու համար պէտք է Լիբանանին հաւատարիմ մնալ եւ անոր գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատել, ինչպէս նաեւ պահպանել երկրին հիմնական յատկանիշները` ազգային համակեցութիւն, Ազգային ուխտ եւ համագործակցութեան պահպանում:

Հանդիպումէն ետք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ կարդաց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, ներկաները որդեգրած են Ռայի պատրիարքին կեցուածքները, որոնց համաձայն, անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութիւն կատարել սահմանադրութեան հիման վրայ եւ վերջ տալ նախագահական աթոռի թափուր իրավիճակին, որովհետեւ այդ կացութիւնը Լիբանանը վտանգի կ՛ենթարկէ:

Հարպ աւելցուց, որ համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ անդամակցութեամբ նախարար Պութրոս Հարպի, երեսփոխաններ Ժորժ Ատուանի, Նետիմ Ժեմայէլի եւ Աթեֆ Մաժտալանիի, որոնք մնայուն կապի մէջ պիտի ըլլան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ խորհրդարանը պիտի նկատեն մնայուն նիստի դրութեան մէջ, ինչպէս նշուած է սահմանադրութեան 74-րդ յօդուածով:

Հարպ շեշտեց, որ երեսփոխանները համաձայնեցան ամէնօրեայ դրութեամբ խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն ըլլալ եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել խորհրդարանի անդամներուն մեծամասնութեամբ, որ ընտրութեան առաջին հանգրուանին խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդն է, իսկ երկրորդ հանգրուանին` խորհրդարանին բացարձակ մեծամասնութիւնը, այսինքն` խորհրդարանի անդամներուն կէս առաւել մէկը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը նախընտրեն խորհրդարանի անդամներուն կէս առաւել մէկին քուէներով հանրապետութեան նախագահ ընտրել` նախագահական աթոռը թափուր պահելու փոխարէն:

Երեսփոխան Միշել Մըր ընդգծեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի քրիստոնեայ համայնքը կարենայ երաշխաւորել իր գոյութիւնն ու շարունակութիւնը` զանազան տագնապներ դիմակալող Միջին Արեւելքի մէջ:

Իր կարգին, երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են նախագահական թափուր աթոռին երկրորդ ամեակին թեւակոխումէն:

Երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի զարմանք յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին լուծումներ առաջարկողը նոյնինքն հարցերը ստեղծողն է:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ շրջանին մէջ Լիբանանի պաշտպանութիւնը ունի մէկ պարտադիր անցք, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն է եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Կեցուածքներուն Մէջ Նորութիւն Մը Չի Նշմարեր

Յաջորդը

Լիբանանի Արեւելեան Լեռնաշղթայ Հըզպալլա Իր Հակակշիռը Կը Բանեցնէ Լիբանանի Արեւելեան Լեռնաշղթայի Նոր Դիրքերուն Վրայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?