18-21 մարտին Խրուաթիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ֆութսալի 2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` իրեն մրցակից ունենալով Սլովաքիան, Թուրքիան եւ դաշտին տէրը` Խրուաթիան, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայրենի խումբը` գլխաւորութեամբ Ռուբէն Նազարէթեանի, մեկնեցաւ Խրուաթիա` հետեւեալ կազմով.
Էռնեսթ Աքոփով, Արտակ Պօղոսեան, Արմէն Բաբայեան, Սարօ Գալստեան, Սարօ Մարտանեան, Անդրանիկ Սարգսեան, Գարեգին Մաշումեան, Գրիգոր Կապուկրանեան, Հենրիկ Գրիգորեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Արա Մկրտչեան, Սարգիս Նասիպեան, Պորիս Վարդանեան եւ Վարդան Ղուկասեան: