Պարսելոնայի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Սերճիօ Պուսքեթցի պայմանագրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 2019:
«Ցարդ 26 տարեկան եմ եւ դիմացս ունիմ երկար տարիներ` Պարսելոնայի հետ բացառիկ ելոյթներ ունենալու համար: Ինծի համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ ինքզինքս շատ հանգիստ կը զգամ իմ ակումբիս հետ», յայտնեց Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահը` նախորդ շաբաթավերջին:
Նշենք, որ նոր պայմանագիրին համաձայն, Պուսքեթցի հրաժարագինը կը կազմէ 175 միլիոն եւրօ: