Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալիփոլիի 100-Ամեակը Պարտութեան Կը Մատնէ Էրտողանները

Փետրուար 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թրքական «Սապահ» թերթը, կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներ մէջբերելով, կիրակի, 22 փետրուարին հերքեց թրքական այլ թերթի մը` «Զաման»-ի քանի մը ժամ առաջ հրապարակած այն լուրը, ըստ որուն, կառավարութիւնը ջնջած է Կալիփոլիի ճակատամարտին յիշատակման հանդիսութիւնները, ծրագրուած` յառաջիկայ ապրիլ 24-ին: «Զաման»-ի համաձայն, ջնջման որոշումը տրուած է, որովհետեւ հրաւէր ստացած շուրջ 100 երկիրներէն միայն հինգը պատրաստակամութիւն յայտնած է ընդառաջելու նախագահ Էրտողանի հրաւէրին, այն ալ` ոչ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններով:

Հակասական այս լուրերուն լոյսին տակ երկրորդական կը դառնայ, թէ Թուրքիա պիտի իրականացնէ՞, թէ՞ ջնջէ ապրիլ 24-ի հանդիսութիւնը: Նախ` այն, որ հակասական լուրերը աւելի աղաղակող կը դարձնեն Թուրքիոյ քաղաքական ու մտաւորական շրջանակներու մէջ բարձրացած այն դժգոհութիւնը, թէ նման հանդիսութիւն ապրիլ 24-ին կատարելը անպատեհ է, յետոյ նաեւ այն բացայայտումը, որ հրաւիրեալները փաստօրէն արհամարհանքով վերաբերած են թրքական հրաւէրին նկատմամբ, արդէն ցոյց կու տան, որ Էրտողան կարեւոր պարտութիւն մը կրած է Կալիփոլիի պատերազմէն 100 տարի ետք, իսկ հայութեան տեսանկիւնէն, «ֆութպոլային քաղաքականութեան» ճամբուն վրայ, արժէքաւոր կոլ մը նշանակուած է թրքական բերդէն ներս:

Կալիփոլիի պատերազմին յիշատակման հանդիսութիւն կատարելու եւ շուտով ընկերկումի մատնուելու թրքական յելուզակութիւնը նորագոյն փաստ է թրքական քաղաքականութեան-դիւանագիտութեան սնանկացումին` հանդէպ մեր իրաւունքներուն ու պահանջատիրութեան արդարացիութեան: Այս պատկերը դատապարտանք կը շպրտէ բոլոր անոնց, որոնք մտածում ունէին ընդառաջելու Էրտողանի հրաւէրին, կամ կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ Ցեղասպանութեան ուրացման ու հաշուետուութենէ խուսափելու Թուրքիոյ անվաղորդայն փորձերուն: Անիկա նաեւ անուղղակի ապացոյց է, թէ Էրտողան եւ անոր հրաւէրին ընդառաջելու պատրաստակամութիւն յայտնողներ… չեն գիտեր, թէ իսկապէս ի՛նչ եղած է Կալիփոլիի մէջ:

Մեզի համար երկրորդական է այն, որ Թուրքիոյ պետութեան «իմաստունները»` Էրտողան, Տաւութօղլու եւ ընկերներ, ի՜նչ տրամաբանութեամբ կ՛ուզեն պանծացնել յիշատակը ճակատամարտի մը, որ Ա. Աշխարհամարտի սկզբնական փուլին, 1915-ի մարտէն մինչեւ 1916-ի յունուարը, Տարտանելի շուրջ արիւնալի ճակատումներու մատնած է մէկ կողմէ` Թուրքիա-Գերմանիա,  եւ միւս կողմէ` Անգլիա-Ֆրանսա դաշնակիցները, վերջ գտած է անգլիական կողմին նահանջով, սակայն աղէտալի հետեւանքներ ունեցած է երկո՛ւ բանակներուն համար ալ: Թուրքիոյ այսօրուան վարիչները որքա՜ն յուսահատական եւ անձուկ վիճակի մատնուած պէտք է ըլլան, որ իրենց այդ ժամանակաւոր յաղթանակը յիշատակելու համար հանդիսութեան հրաւիրեն իրենց երէկի թշնամիները` յենելով այսօրուան անբարոյ քաղաքականութեան տուեալներուն վրայ, որոնք Անգլիոյ պէս երկիրներ կը դասեն իրենց պաշտպան-դաշնակից-համախոհներու շարքին: Ո՞ր տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ մարդիկ պիտի ուզեն մասնակցիլ հանդիսութեան մը, որ կը յիշատակէ իրենց  պարտութիւնն ու կրած մարդկային վնասները (Կալիփոլիի ճակատումները արժած են աւելի քան 100 հազար կեանք, բազմահարիւր հազար վիրաւոր եւ զինական այլ կորուստներ): Կարելի՞ է մտածել, որ Միացեալ Նահանգներ օր մը իբրեւ պանծալի յաղթանակներու յիշատակման օր տօնեն օգոստոս 6-9 օրերը` Հերոշիմայի ու Նակազաքիի վրայ հիւլէական ռումբերու արձակման թուականը… Մեզի համար կարեւորը այն է, որ հակառակ Թուրքիոյ կողքին կանգնելու կարգ մը մեծերու այսօրուան կեցուածքին, Կալիփոլիի յիշատակման շուրջ ստեղծուած վէճերն ու հակասութիւնները հաւասար են Էրտողաններու եւ զայն կանխող Էօզալներու, Էվրեններու, Էճեւիտներու (շարքը երկար է) պարտութեան, քաղաքական ուղիին սնանկութեան:

Մեզի` հայութեան համար, նման վիճակ յաղթանակ մըն է անկասկած, երբ կ՛ապրինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին: Սակայն նաեւ պէտք է հարցերը դիտենք իրապաշտութեամբ, հեռու զգացական զեղումներէ: Պէտք է յիշենք, որ Թուրքիա յաճախ բարբաջանքներու եւ սնոտի քայլերու դիմած է, երբ հայկական պահանջատիրութիւնը արդարութեան զանգերը հնչեցուցած է ու ջղագարութեան մատնած` անոր պետական ղեկավարները: Մեզի կը մնայ նոր հարուածներ հասցնել ջղագարութեան այս լարին եւ թոյլ տալ, որ Թուրքիա աւելի՛ եւս ընկղմի ուրացումի տիղմին մէջ, որովհետեւ ճշմարտութենէն եւ արդար հատուցումէ խուսափելու անոր իւրաքանչիւր փորձը մեզ աստիճան մը աւելի՛ պիտի մօտեցնէ մեր Դատի կենսագործման հանգրուանին:

22 փետրուար

Նախորդը

Փանթուրքիզմի Գրաւը Եւ Արցախի Հարցը

Յաջորդը

Կալիփոլիի` Չանագգալէի «Յաղթանակը» 1915-ին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?