ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
23 դեկտեմբեր 2012-ին Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումէն ետք` Թուրքիոյ օրուան նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարեց, որ Ֆրանսա պէտք է դադրի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ իր միջնորդութենէն: Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա փետրուար 2012-ի կէսերուն յայտարարեց, որ «Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոխելու հարցը իրական է», ապա Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար եւ անոր քոյր կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց` «Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու»: Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդն ալ նոյն տարուան 27 փետրուարին իր գումարած նիստէն ետք յայտարարեց, որ միութիւնը պատրաստ է խաղաղութեան հաստատման համար քայլերու ձեռնարկելու գործին աշխուժ աջակցութիւն ցուցաբերելու: Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն նշեալ նիստէն առաջ յայտարարեց, որ «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման աջակցելու հարցին մէջ աւելի կարեւոր դեր խաղալ»:
Նախնական այդ ծրագիրին ձախողութենէն ետք, այժմ հրապարակի վրայ է անոր բարեփոխուած տարբերակը: Այլեւս նպատակը «հայամէտ» Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելը չէ, այլ զայն ազրպէյճանամէտ Գերմանիայով հակակշռելը: Գերմանիոյ խմբակին անդամակցութեամբ Եւրոպական Միութիւնը եւս անուղղակի կերպով ներկայացուած պիտի ըլլայ Մինսքի խմբակին մէջ` նկատի ունենալով, որ Գերմանիան ու Ֆրանսան այդ միութեան մեծագոյն երկիրներն ու մղիչ ուժն են: Մերքել յունուար 2015-ին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնապէս իր երկրին թեկնածութիւնը առաջադրեց յայտարարելով. «Գերմանիա կը ձգտի տագնապի լուծման հարցով միջնորդի դեր ստանձնել: Մենք կը կարծենք, որ Եւրոպական խորհուրդը, Եւրոպական Միութիւնը կրնան այս ուղղութեամբ նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ, որոշակի ներդրում ունենալ տագնապին լուծման հարցով: Ատոր համար Ազրպէյճան կը բանակցի Եւրոպական յանձնաժողովին հետ»: Այլ խօսքով, Պերլինն ու Պաքուն միասնաբար այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին, ի զուր չէր, որ Մերքել աւելցուց. «Հաշուի առնելով, որ Ռուսիան ու Հայաստանը այս տագնապին մէջ որոշ գործողութիւններ համաձայնեցուած կը կատարեն, ապա դուք կրնաք ելլել այն հանգամանքէն, որ մենք միասնական մօտեցումներու կողմնակից ենք»: Անոր այդ յայտարարութիւնը նաեւ մտածել կու տայ, որ Գերմանիոյ թեկնածութեան հարցը աւելի կը վերաբերի Ռուսիա-Եւրոպական Միութիւն պարանաձգութեան, քան` ղարաբաղեան տագնապին:
Գերմանիոյ թեկնածութիւնը նաեւ պաշտօնապէս որդեգրուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ: ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի ազրպէյճանական պատուիրակութեան անդամ Ազայ Կուլիեւ վերջերս վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ առաջարկեց համանախագահներու կազմին մէջ ներառել Գերմանիան եւ Թուրքիան: Գերմանիան եւ Ազրպէյճանը նոյն բանը կ՛ուզեն, սակայն տարբեր նպատակներով. Գերմանիա կը փորձէ Ռուսիոյ դէմ օգտագործուելիք լծակներ ձեռք բերել, իսկ Ազրպէյճան` հայկական կողմին դէմ: Մինչ Գերմանիոյ կողքին Թուրքիոյ թեկնածութեան առաջադրումը յաչս հայկական կողմին առաջինը իբրեւ չարեաց փոքրագոյն ներկայացնելու մարտավարական քայլ մըն է, Մինսքի խմբակի կազմը փոփոխութեան ենթարկելու նախադէպը կը նշանակէ ներկայ անհպելի ձեւաչափին մահը եւ դուռը լայն կը բանայ հետագայ փոփոխութիւններու, իմա` խմբակին Թուրքիոյ անդամակցութեան դիմաց:
Մեկնելով վերոնշեալներէն` կարելի է հաստատել, որ գոյացած է Անգարա-Պերլին-Պաքու առանցք մը, որուն նպատակը Մինսքի համանախագահութիւնը եռեակէ քառեակի վերածելով Ռուսիոյ դերակատարութիւնը նուազեցնել եւ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը աճեցնել է: