Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Գործունէութիւնը Առողջապահական Մարզին Մէջ» Նիւթով

December 19, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04623Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան գործունէութիւնը առողջապահական մարզին մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի բժիշկ տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը` նշեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, կը մշակէ հանրօգուտ ծրագիրներ եւ զանոնք կ՛իրագործէ շրջանի բնակչութեան բարօրութեան համար, ինչպէս` երթեւեկի կանոնաւորում, միջավայրի մաքրութիւն եւ կանաչապատում, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ դպրոցներու նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն:

Տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան դասախօսութեան սկսաւ ներածականով մը:

Տ. Վարդապետեան դասախօսութիւնը բաժնեց երկու գլխաւոր մասերու: Առաջինը, ան իբրեւ առողջապահական բաժանմունքի պատասխանատու, թէ ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին այդ բաժանմունքին մէջ, երկրորդ    իբրեւ շրջանի բնակիչներ ինչպէ՞ս կրնանք զանազանել լաւ եւ ոչ լաւ ուտելիքները, սննդեղէնները, երբ այցելենք մսավաճառին, նպարավաճառին եւ այլն:

Առողջապահութեան բաժանմունքին մէջ կը գործեն հինգ խմբակներ ունենալով տարբեր աշխատանքներ.

Առաջին խմբակը կը զբաղի սրսկումներ կատարելով բոլոր հաստատութիւննները, եկեղեցիները, մզկիթները, պայքարելով բոլոր տեսակի միջատներուն դէմ: Երկրորդ աշխատանքը, որ կը կատարէ այս խմբակը, յատուկ թունաւոր դեղեր տրամադրելն է մուկերու եւ առնէտներու դէմ, ինչպէս նաեւ միջատասպան դեղեր կը սրսկեն ճամբաները, կոյուղիները:

Երկրորդ խմբակը, որ անասնաբուժի հսկողութեան տակ է, իր աշխատանքին ծիրը մսավաճառներու շրջագիծն է: Այս խմբակին անդամները շրջելով մսավաճառներուն խանութները կը հսկեն միսի քանակին եւ որակին, եւ անհրաժեշտ պարագային կրնան գրաւել, ինչպէս նաեւ փակել տալ խանութները, եթէ չեն ամբողջացներ քաղաքապետութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած պայմանները:

Այլ խմբակ մը նաեւ կը շրջի նպարավաճառներու ուտելիքի այլ վայրեր, ինչպէս նաեւ այն հաստատութիւնները, որոնք կապ ունին առողջապահութեան հետ:

Աւարտին խմբակները ներկայացնելով իրենց զեկուցումները զանազան հաստատութիւններու մասին, այն առումով, թէ անոնք կ՛ամբողջացնե՞ն պայմանները Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ապա անոնք կը ստանան յատուկ առողջապահական հաստատագիր:

Երկրորդ բաժինով տոքթ. Տիգրան Վարդապետեան ներկայացուց օրինակներ, բացատրութիւններ, թէ ինչպէս իբրեւ տանտիկիններ, երբ այցելեն մսավաճառի քով, կրնան զանազանել լաւ կամ ոչ լաւ միսի որակը: Դասախօսը այս բաժինով նշեց, թէ բոլոր միսերը պէտք է ունենան կնիք, որ կը հաստատէ անոնց առողջապահականօրէն ապահով ըլլալը:

Աւարտին դասախօսը զանազան բացատրութիւններով ու օրինակներով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

«Ազատ Արցախը Ողջունում Է Ձեզ»

Յաջորդը

«Զուարթնոց» Կեդրոն. Ուտեստեղէնի Եւ Ձեռային Աշխատանքներու Տօնավաճառ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.