Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կենսանիւթերու Եւ Հանքայիններու Հաւասարակշռութեան Կարեւորութիւնը Մեր Առողջութեան Վրայ» Նիւթով

October 17, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

LOKH_04410Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Կենսանիւթերու եւ հանքայիններու հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը մեր առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց սննդագէտ  Մարիա Թէքէեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետ Սոնա Եափուճեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, նշեց, թէ մարմնի իւրաքանչիւր գործարան, գեղձ, հիւսկէն, ուղեղ, մորթ, արիւն, առողջ գործունէութեան համար պէտք ունին իրենց յատուկ կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու, այլապէս անոնց անբաւարար գոյութիւնը մարմնին մէջ կրնայ յառաջացնել առողջապահական այլազան բարդութիւններ կամ հիւանդութիւններ: Վերջապէս առողջ ապրելու համար նախընտրելի է, որ ուտելիքները սպառենք ճիշդ ձեւով եւ չափով:

Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով սնունդի եւ երկարակեցութեան միջեւ կապը, թէ որքանով սնունդը եւ անոր համակարգուած բազմազանութիւնը կը նպաստեն առողջ եւ երկար կեանք մը ապահովելու: Ան նշեց երեք գլխաւոր մահուան պատճառներ, որոնք գոյութիւն ունին Լիբանանի մէջ:

ա- Սրտի հիւանդութիւններ- 21 առ հարիւր

բ- Ուղեղային կաթուածներ – 7 առ հարիւր

գ- Զանազան արկածներ – 4 առ հարիւր

Իսկ Լիբանանի մէջ մահուան միջին տարիքը 79 տարիքն է: Միջազգայնօրէն սրտանօթային հիւանդութիւնները կը կազմեն մահուան գլխաւոր պատճառը, տարեկան 8 միլիոն հոգի կը մահանայ` ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան:

Լիբանանի մէջ վեց անհատներէն մէկը կը տառապի շաքարախտէ, իսկ 2030-ին  5 անհատներէ մէկը պիտի տառապի շաքարախտէ:

Քաղցկեղի պարագային կրկին կայ 10 առ հարիւր համեմատութիւն, որ կապուած է ոչ առողջ սնունդի գործածութեան հետ: Այս շարքին կարելի է թուել միզամանի, ստամոքսի, բերանի եւ աղիքներու քաղցկեղի պարագաները:

Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան յաջորդ բաժինով թուեց տարբեր կենսանիւթեր ու հանքային աղեր, որոնք հիմնական դեր ունին առողջ ապրելակերպի մը մէջ, օրինակ` քալսիոմ, փոթասիոմ, մակնեզիոմ, կենսանիւթ «Սէ», «Պէ», «Ա», «Տէ» եւ «Ի»:

Դասախօսը վերջին բաժինով նշեց շարք մը հանքային աղեր, որոնք շատ փոքր քանակութեամբ անհրաժեշտ են մեր մարմինին համար, օրինակ`

սելենիոմ, զինք, քրոմիոմ, երկաթ եւ պղինձ:

Մարիա Թէքէեան վերջին բաժինով նշեց զանազան կենցաղային պայմաններ, որոնք կը նպաստեն երկարակեցութեան եւ առողջ ապրելակերպի:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով:

 

 

Նախորդը

Մենք Բացակայ Չենք Դնում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.