Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ՀՐԱՒԷՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

July 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 18 յուլիս 2011-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին` ընկերակցութեամբ իր քաղաքական խորհրդականին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակն էր վեհափառին փոխանցել գրաւոր հրաւէր Իրանի պետութեան կողմէ` մասնակցելու յառաջիկայ հոկտեմբերի սկիզբը Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային համագումարին, որուն նպատակն է զօրակցութիւն յայտնել պաղեստինեան պետութեան:

Հրաւէր-նամակը ստորագրուած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի կողմէ: Սոյն համագումարին հրաւիրուած են նախարարներ, վարչապետներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ զանազան երկիրներէ:

Հրաւէր-նամակին մէջ կ՛ըսուի, թէ երկար տարիներ իրենց հողն ու անկախութիւնը կորսնցուցած ըլլալով` պաղեստինցիք իրաւունք ունին վերահաստատելու իրենց ազգային իրաւունքները:

Վեհափառը դեսպանին յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը եւ հայ եկեղեցին միշտ զօրավիգ եղած են իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդար դատին, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատին: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդը եւս կը մնայ զրկուած իր մարդկային իրաւունքներէն, երբ Թուրքիան տակաւին կ՛ուրանայ իր գործած Ցեղասպանութիւնը:

Դեսպանին այցելութիւնը նաեւ առիթ եղաւ խորհրդակցելու Սուրիոյ ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նոր կազմուած կառավարութեան վստահութեան քուէ ստանալէն ետք երկրի ներքին կեանքին շուրջ: Այս ծիրին մէջ վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բոլոր կողմերը հեռու պէտք է մնան հրապարակային քննադատութիւններէն: Իրենց քաղաքական փոխադարձ տարբերութիւնները յարգելով հանդերձ` անհրաժեշտ է շեշտել միասնական ոգին, ինչպէս նաեւ` առիթ տալ նոր կառավարութեան իր առաջադրած ծրագիրներն ու նպատակները իրագործելու:

Նախորդը

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ԳՐԳՌՈՒԱԾ ՋԻՂԵՐՈՎ

Յաջորդը

ՍՔՈԹԼԱՆՏ ԵԱՐՏԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ «ՆԻՈՒԶ ԻՆԹԸՐՆԵՇԸՆԸԼ»Ի ՇՈՒՐՋ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՀՐԱԺԱՐԱԾ Է

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.