Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. «Անձեռնմխելի Արմատներ» Վաւերագրական Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը

September 30, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0927_film1Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին` շաբաթ, 27 սեպտեմբեր 2014-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի Եւ Մուսա լերան նուիրուած «Անձեռնմխելի արմատներ» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբերուն անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան: Ան բացուած յայտարարեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի տարին, որ սկիզբ կ՛առնէ շրջանային անկայուն պայմաններու մէջ: Ան խօսեցաւ դէպի Մուսա լեռ ուխտագնացութեան ու վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութեան հանգրուաններու մասին եւ թէ ինչպէս «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի խումբ մը աշակերտներ եւ սկաուտներ` ընկերակցութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի անդամներէն Խտըրպէկի թաղապետ Վազգէն Գալոշեանի, որոշած են այցելել Մուսա լեռ` մօտէն ծանօթանալու անոր անցեալին եւ ներկայ իրավիճակին:

0927_filmԱն իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստող գլխաւոր անձերուն` դոկտ. Մարալ Պօյաճեանին, Լիզա Տորտուլեանին եւ Ասօ Մախուլեանին:

Բացման խօսքին յաջորդեց ժապաւէնի պատրաստութեան գլխաւոր դերակատար դոկտ. Մարալ Պօյաճեանի խօսքը, որ ըսաւ, թէ ուխտագնացութեան մասնակիցները որոշած են մեկնիլ դէպի Մուսա լեռ` Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրը» վէպին ընթերցումէն ետք, որ առաջարկուած էր «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի դասախօս դոկտ. Եուճին Տապպուսի կողմէ:

Դոկտ. Մարալ Պօյաճեան խօսեցաւ ուխտագնացութեան մասնակցողներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ անոնց զգացումներուն մասին, զորս շատ դժուար է արտայայտել, որովհետեւ անոնք ներկայ գտնուած են այն հողերուն վրայ, որոնք ժամանակին պատկանած են մուսալեռցիներուն, իսկ  ներկայիս հոն թուրքեր կը բնակին եւ հայկական եկեղեցիները  վերածած են մզկիթներու:

Անոնք որոշած են մագլցիլ Մուսա լեռը, ուր 1915 թուականին մուսալեռցիք բարձրացան եւ պայքարեցան 45 օր` պարտութեան մատնելով թրքական բանակը եւ ապա ազատուելով ֆրանսական նաւատորմին կողմէ:

Դոկտ. Մարալ Պօյաճեան  խօսեցաւ իրենց ուխտագնացութիւնը վաւերագրական ժապաւէնի վերածելու որոշումին եւ այդ գծով իրենց ունեցած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Լիզա Տորտուլեան խօսեցաւ ուխտագնացութեան մասնակցող ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու պատրաստակամութեան եւ  անոնց խանդավառութեան մասին:

40 վայրկեաններու ընթացքին ներկաները հետեւեցան Մուսա լերան եւ Այնճարի պատմութիւնը ներկայացնող վաւերագրական ժապաւէնին: Անոնք հետեւեցան ուխտագնացներուն դէպի լեռը արշաւանքին եւ լերան գագաթը կիսաւերակ Մուսա լերան յուշարձանին կողքին անոնց աղօթքներուն, խաչքարի կազմութեան եւ Մուսա լերան շուրջպարին:

Ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնուեցան դոկտ. Մարալ Պօյաճեանի, Լիզա Տորտուլեանի, Ասօ Մախուլեանի եւ Գրիգոր Եագուպեանի` իրենց կամաւոր աշխատանքին համար:

Այնուհետեւ Ասօ Մախուլեան անդրադարձաւ ժապաւէնի նկարահանման հանգրուաններուն:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու ժապաւէնը պատրաստող դերակատարներուն:

 

Նախորդը

Տէրսիմ. Ճակատագրակից Ժողովուրդ, Հայկական Շերտեր

Յաջորդը

Անդրադարձ. Երէկուան Բարեկամն Ու Գործընկերը` Այսօրուան Բարբարոսն Ու Տգէտը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.