Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտեալ Միաբանները

May 5, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

14030221671Ապրիլեան այս օրերուն արդար ցնծութեան օրեր ապրեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող միաբանական դասը: Միաբանութիւնը աճեցաւ եւ ցնծաց երիտասարդ միաբաններու եպիսկոպոս օծուելուն: Աստուածաշնորհ այս ուրախութեան միացաւ եւ մասնակից եղաւ նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը` ի տես հաւատքի զօրացման եւ մեր ազգային աթոռին անսասան պահպանման:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման սրբացեալ արարողութիւններուն ներկայ եղան Քանատայի, Թեհրանի, Ատրպատականի մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձրացման ծառայող հայորդիներ:

Դարերէն մեզի փոխանցուած օրէնքով հաստատուած արարողութիւններ` աղօթքներով նուիրականացած: Արամ Ա. կաթողիկոս տէրն է ու պահապանը ծիսական թէ օրինական մեր հաւատամքին: Արդարութեամբ եւ հաւատքով օծուած ուխտ, զոր կը կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեան, Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ Մակար ծ. վրդ. Աշգարեան: Երեք ուխտեալներն ալ գրեթէ տարեկից, հայ եկեղեցականի աւանդական կեցուածքով եւ անխախտ հաւատքով ներկայացան սուրբ խորան եւ խոստում տուին հաւատարիմ մնալու իրենց ուխտին:

«Ճշմարտապէս կը հաւատանք» բառերը կը բարձրանային երկինք, ուրկէ կ՛իջնէր օրհնութիւնը աստուածային:

Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան

Մեղրիկ ծ. վրդ. Բարիքեան. 12 տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն մը Թորոնթոյի (Քանատա) Հայ առաքելական եկեղեցւոյ: Երկրին անծանօթ երիտասարդ վարդապետը կը լծուի աշխատանքի` ծաղկեցնելու համար եկեղեցին: Հետեւողական աշխատանք` հայ ընտանիքները ջերմացնելու եւ դէպի եկեղեցի առաջնորդելու: Հայր Մեղրիկին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ երիտասարդութիւնը, պատանիները ներգրաւելու հարցին վրայ: Կը յաջողի: Կը կազմակերպէ երգչախումբեր` մեծերու եւ փոքրերու: Շարականներու ուսուցում: Տօնական օրերը ազգային ուրախութիւններու վերածելու իրագործում:

Քրիստոնեայ եկեղեցին ունի պատկերաւոր տօնախմբութիւններ: Հինգ տաղաւարները կ՛ունենան կենդանի պատկերներով դրսեւորուած, հոգիները ջերմացնող, հաւատքը հաստատող ներգործութիւնը: Հայր Մեղրիկ գործնական դաշտի վրայ է, ամուր հողի վրայ: Կը յաջողի իր մտադրութեամբ եւ անձին օրինակով: Եկեղեցիէն խոյս տուողներուն կը մօտենայ: Իր ճանապարհին կը ճանչնայ զանոնք եւ կը բարեւէ հայկական եւ հոգեւոր բառերով.

– Սիրելի՛ պատանի, այս իրիկուն ձեր տունը պիտի այցելեմ, մամային ըսէ` միասին գաւաթ մը թէյ պիտի խմենք…

Պատանին կը զարմանայ, հոգին կը թրթռայ: Երեկոն կ՛անցնի հայուն տան մէջ, գաւաթ մը թէյի շուրջ… Հայր Մեղրիկ շահած էր «խաղը»…

Այսպէս անցած են մեր նուիրեալ, ձայնեղ, երգչախումբի ղեկավար, անմիջական հաղորդականութիւն ունեցող վարդապետին օրերը: Ըսելու հարկ չկայ, որ Լիբանանի կլիմային ընտելացած հայր սուրբին համար դիւրին եղած պիտի չըլլար վարժուիլ Քանատայի սառուցեալ կլիմային, ցրտաշունչ քամիններուն…

Աստուած օգնական, Մեղրի՛կ, սրբազան:

 

Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան

Իր պատանեկութեան օրերէն ծանօթ, եկեղեցական ընտանիքի մը մէջ հասակ առած պատանին Գրիգոր քահանային թոռն է: Սրբակեաց քահանայ մը, որուն յիշատակը կը ծաւալի ներկայէն դէպի ապագայ:

Գրիգոր Չիֆթճեան վարդապետը ունեցաւ գրական շնորհ, իր քարոզները եւ մտորումները յանձնեց թուղթին: Գիրքեր, գիրքեր, յորդուն հատորներ, բարոյախօսական դրուագներ,  երիտասարդութեան ուղղուած յորդորներ:

Կ՛ուզեմ յիշել իր աշխատասիրութիւնը երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ` իբրեւ երիտասարդ գործակից: Եղաւ վեհափառին գրագիրը: Շարունակուեցաւ գործակցութիւնը մինչեւ Էջմիածին, երբ մեր սիրելի վեհափառը բաժնուեցաւ մեր Կիլիկեան աթոռէն եւ օծուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս: Հոգիիդ լոյս իջնէ Գարեգին վեհափառ Կիլիկիոյ գահին:

Մակագրուած գիրքեր` հայր Գրիգորի ստորագրութեամբ: Առատ մելան կը հոսի վարդապետին գրիչէն: Դադար չունի, հետամուտ է նորութիւններու:

Արամ Ա. կաթողիկոս կը քաջալերէ շնորհալի միաբանները: Կրնանք քաջաբար հաստատել, թէ մեր Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ միաբանները բոլորն ալ ունին առանձնայատուկ տաղանդ, որքան երաժշտական, նոյնքան` գրական, պատմական, եկեղեցագիտական, ծիսական եւ արուեստի տարբեր ոլորտներուն մէջ ծաղկունք ստեղծող: Հպարտ ենք մեր միաբանութեամբ, որուն շարքերուն տարուէ տարի կը միանան նորընծաներ: Փա՛ռք Աստուծոյ:

Աստուած օգնական, հա՛յր Գրիգոր:

Մեր հանդիպումները գրեթէ պաշտօնական բնոյթ ունին` Անթիլիասի կամ Պիքֆայայի վանքերուն մէջ կատարուած համագումարներով, ազգային ժողովներով, տօնական առիթներով: Այո՛, հայր սուրբ. զինք տեսնելու կ՛երթամ իր մեծ հօր, Գրիգորին բնակարանը, ուր կը հանդիպէր յաճախ: Արձակուրդով վերադարձած է Էջմիածինէն:

Հա՛յր սուրբ, հիանալի առիթներ ունեցաք ընկերանալու Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա. Սարգիսեանին: Ան ձեզ ընտրած է իբրեւ նախկին գործակիցը իր 6-7 տարուան կաթողիկոսական տարիներուն: Վստահ եմ, որ կարեւոր յուշեր ունիք: Ե՞րբ պիտի գրէք…

Տակաւին կանուխ է-, գոնէ պէտք է անցնի 50 տարի…

– Շա՜տ ուշ է, հա՛յր սուրբ…

Վստահ ենք, որ յիշատակները չեն թառամիր…

Աստուած օգնական, Գրիգո՛ր սրբազան:

 

Մակար Ծ. Վրդ. Աշգարեան

ԵՌԵԱԿ ԹԻՒ ԿԱԶՄԱԾ ԵՆ ՆՈՐՕԾ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ: Այնքան նման են իրարու իրենց փառայեղ, սպիտակած մօրուքով: Որքան շուտ ճերմկած են երէկուան երիտասարդ մեր վարդապետներուն մօրուքները…

Վկայութիւնները առատ են` հայր Մակարը գովաբանող: Ներկայ եղած ենք Անթիլիասի սեղանատան մէջ կատարուած դասախօսական շաբաթներուն` առաջնորդութեամբ հոգելոյս Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի եւ ներկայութեամբ ու փոխասաց գործակցութեամբ Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի եւ Մակար վրդ. Աշգարեանի: Դասախօսութեան հետեւողները ճիշդ մէկ ժամ ամենայն լռութեամբ եւ կեդրոնացեալ ուշադրութեամբ կը լսէին Սուրբ Գրային մեկնութիւնները: Գիտութիւն ամբարած էին մեր շնորհաշատ վարդապետները:

Ձեռնադրութեան պահն է: Երեք եպիսկոպոսներն ալ ծնրադիր կը խոստանան հաւատարիմ մնալ Կիլիկիոյ պատմական աթոռին եւ իրենց սրբազան ուխտին:

Յետ արարողութիւններու` վանքին բակին մէջ խռնուած հաւատացեալներուն խօսակցութիւնը նորօծ սրբազաններուն թեման է:

Ի՜նչ բարի են մեր վարդապետները: Երեքն ալ` բարի եւ քաջ:

– Ես հայր Մակարը կը ճանչնամ,- կ՛ըսէ ինծի բարեկամուհի մը,- բացառիկ հաւատքով, բարի, մարդասէր եւ ծառայասէր եկեղեցական մը եղաւ: Աստուած բոլորն ալ իրենց կոչումին մէջ պահէ:

Մակա՛ր սրբազան, ձեզ ճանչցած ենք սուրբ պատարագի եւ ձեր քարոզներուն ընդմէջէն: Այսուհետեւ լաւագոյնս պիտի ծանօթանանք ձեզի, պիտի պարծենանք ձեզմով, թէ` ունեցած ենք եւ տակաւին յաջորդաբար ունինք աստուածահաճոյ առաքինութիւններով օժտուած եկեղեցականներ: Աստուած պահէ ձեզ եւ մեր հայկական վանքերը, մեր եկեղեցին, մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր աթոռը, իր գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսով եւ հանդերձ միաբանութեամբ:

Աստուած օգնական, Մակա՛ր Սրբազան:

 

29 ապրիլ 2014

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1964)

Յաջորդը

Հայ Կերպարուեստը Կը Շարունակէ Տարածուիլ Եւ Արժեւորուիլ Միջազգայնօրէն

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։