Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանրամասնութիւններ` Քեսապի Մէջ Բռնարարքներու Եւ Վնասներու Մասին

March 28, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1743640ՀԱԼԷՊ, «Լրատուական Գրասենեակ».- Քեսապ միշտ ալ խաղաղ աւան մը եղած է, անոր բնակիչները խաղաղասէր եղած են: Անոնք իրենց օրապահիկը կ՛ապահովէին հողագործութեամբ եւ զբօսաշրջիկութեան գործերով: Քաղաքին մէջ զինուորական կեդրոնատեղիներ չկան. այդ բոլորը ծայրամասերուն վրայ կը գտնուին, հետեւաբար արդարացուցիչ պատճառներ չկան բնակիչները իրենց խաղաղ տուներէն տեղահանելու: Եղածը կը նպատակադրէ չարդարացուած պատճառներով շրջանը իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկել:

Ժողովրդային Կառոյցներու
Վնասներու Տարողութիւնը

Այս մէկը պատահեցաւ քանի մը շէնքերու, երբ ուրբաթ օր այդ ընտանիքները լքեցին իրենց տուները: Տակաւին յստակ թիւեր չունինք, հակառակ անոր որ տարածուած շատ մը տեսերիզները ցոյց կու տան մխացող տուներ եւ շէնքեր: (Մինաս Պէտիրեանին տունը, Սեպուհ Գարաեագուպեանին հիւրանոցը):

Առեւանգումներ

Երբ Սթիւ Շեխուկեան իր մոթորսիքլեթով կը հեռանար Տուզաղաճի շրջանէն (պաշտօնական անունը Ալ Շաճարա, որ բախումի շրջան էր Քեսապի մէջ), զինեալ մը կը կանգնեցնէ զինք եւ կը ստիպէ վար իջնել իր մոթորսիքլեթէն: Սթիւ կ՛ըսէ, որ զինք կեցուցած էր մօրուքաւոր մէկը, որ արաբերէն չէր խօսեր: Երբ Սթիւ ըսած էր, թէ ինք հայ է, մօրուքաւորը դանակ մը հանելով սպառնացած է մորթել զինք կոկորդէն: Ապա Սթիւը շղթայած են մօտակայ շէնքի մը երկաթեայ պատուհանին: Երբ կռիւը սաստկացեր է, եւ կրակի բոցեր բարձրացած են, զինեալը փախուստ տուած է եւ զինք ձգած հոն: Սթիւ կրցած է ձերբազատիլ իր շղթաներէն, թուփերուն մէջի ճամբայէն դուրս գալ եւ հասնիլ հոն, ուր տեղահանուողները ապաստանած էին:

Բռնի Ուժով Ներխուժում

Տիգրանուհի Մանճիկեանը տարեց եւ անհանգիստ կին մըն է. ան այն քիչերէն էր, որոնց չկրցան տեղափոխել` իր առողջապահական պայմաններուն պատճառով: Քաղաքի կեդրոնը խուզարկելէ ետք, զինեալները բռնի ուժով մտան իր տունը, ուր զինեալ մը, բանաւոր եւ մարմնային սպառնալիքներով, պահանջած է իրմէ ոսկեղէն եւ այլ արժէքաւոր բաներ, զորս ինք արդէն չունէր: Զինեալը տունը տակնուվրայ ընելով առած է այն ինչ որ գտած է եւ հեռացած: Ան իր այս վկայութիւնը հեռաձայնով հաղորդեց:

Այլ Բռնի Ներխուժումներ

Շատ մը տեղահանուողներ, հեռաձայնեցին իրենց տուները` գիտնալու համար, որ ով պիտի պատասխանէ. ահաւասիկ օրինակներ.

*Մինաս Սողոմոնեան, որ տնային ճաշեր կը պատրաստէ, երբ հեռաձայնած է, զինեալներէն մէկը պատասխանելով իրեն ըսած է, որ մենք կը վայելենք ձեր համեղ ճաշերը, իսկապէս լաւ գործ կ՛ընէ՛ք:

*Նման բան պատահած է Ժոզէֆ Քէլաղպեանին հետ, որուն բնակարանը ներխուժողը ըսած է, թէ կը վայելէ տան մէջ գտած ուտելիքները:

*Անի Պոյմուշաքեան երբ հեռաձայնած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ գրասենեակը, անոնք պատասխանած են, որ գրասենեակը արդէն իրենց հսկողութեան տակ է եւ` «մեր ուզածին պէս այս տեղին հետ պիտի վարուինք»… հեռաձայնը գոցելով պատասխանողը ըսած է, որ զինեալները իրենց սպառնալիքները կը կատարեն:

*Փարէն Յովսէփեան երբ հեռաձայնած է, անոնք խօսած են բնակարանի «շատ գեղեցիկ կահոյքի» մասին:

*Նազարէթ Դանիէլեան նոյնպէս կը վկայէ, որ ներխուժողներ կան իր տան մէջ:

Գողութեան Տարողութիւնը

*Զաւէն Փանոսեանին կանաչեղէնի խանութը:

*Նշան Ինճէճիկեանին կանաչեղէնի խանութը:

* Արմէն Չէրչիկեանին ուտեստեղէնի խանութը եւ այլ խանութներ:

25 մարտ 2014

Նախորդը

Սուրիահայերը Քեսապի Ողբերգութեան Մէջ Թուրքիոյ Դերակատարութիւնը Շօշափելի Կը Նկատեն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 8. Կոչ` Յանուն Քեսապի

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։