Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

June 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուիթ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Ուրբաթ, 24 յունիս 2011-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուիթ: Ժընեւէն ընդհանուր քարտուղարին ընկերակցած էին դոկտ. Միշել Նսէյր եւ Քարլա Խիժոյեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան  եւ միջեկեղեցական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին այցելութեան հիմնական նպատակը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն ու յեղափոխութիւններուն գծով վեհափառին տեսակէտը ունենալ էր, ինչպէս նաեւ անոր կարծիքը` շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան գծով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի որդեգրելիք դիրքին մասին:

Արամ Ա. կաթողիկոս նախ եւ առաջ ընդհանուր կերպով բնորոշեց Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող շարժումները` իբրեւ ժողովրդային ընդվզում: Հասարակ յայտարարներու առընթեր նաեւ գոյութիւն ունին յատուկ դրդապատճառներ` որոշ երկիրներու առնչուած, ըսաւ վեհափառը: Հասարակաց պատճառներու կարգին ան թուեց տնտեսական տագնապը, փտածութիւնը, ժողովուրդին լուսանցքայնացումը յարաբերաբար քաղաքական հոլովոյթին, եւ մարդկային իրաւունքներուն լայն չափով բացակայութիւնը: Ժողովրդային համատարած ընդվզումը, սակայն, յստակ գաղափարախօսութիւն, օրակարգ ու տեսիլք չունի. նոյնիսկ երբեմն կազմակերպուած ղեկավարութիւնը բացակայ է: «Եւ ճիշդ ատոր համար ընդհանուր անորոշութիւն մը պատած է տեղի ունեցող շարժումները: Անորոշութենէ աւելի նաեւ գոյութիւն ունի վախ: Այլ խօսքով` ներկայ վարչակարգերու անկումէն ետք արդեօք իսլամ ծայրայեղականներ իշխանութեա՞ն պիտի տիրանան: Նման պարագայի ի՞նչ կրնան ըլլալ անոր քաղաքական, ընկերային ու կրօնական հետեւանքները: Արդեօք նման փոփոխութիւններ կրնա՞ն արաբ-իսրայէլեան տագնապի վտանգը աւելցնել: Ներկայ վարչակարգերու փոփոխութիւնը նաեւ կրնայ յառաջացնել կրօնական եւ համայնքային փոքր պետութիւններ, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ ներքին բախումներու», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Այս հարցադրումներէն ետք վեհափառը շեշտեց հետեւեալ կէտերը. Արեւմուտքի մօտեցումը պէտք է ըլլայ աւելի իրապաշտ, իսկ գործածած լեզուն` աւելի չափաւոր: Ծայրայեղ մօտեցումները կրնան հակազդեցութիւններ յառաջացնել արաբ ժողովուրդներուն մօտ: Արեւմուտքը պէտք է շեշտէ ներքին բարեկարգութիւններուն կարեւորութիւնը` միաժամանակ հաւասարակշռուած կապեր հաստատելով ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն հետ: Վերջապէս, արեւմտեան երկիրներու չափանիշները, մօտեցումները եւ ըմբռնումները կարելի չէ պարտադրել տարբեր մշակոյթ ու կենցաղակերպ ունեցող շրջանի ժողովուրդներուն:

Այս ընդհանուր նկատողութիւններէն ետք վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան: Այս գծով ան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է խուսափիլ ընդհանրացումներէ եւ դիւրին ու մակերեսային դատումներէ: Շրջանին մէջ քրիստոնէութեան պատմութիւնը կը յատկանշուի մէկ կողմէ բախումներով ու հալածանքներով, իսկ միւս կողմէ խաղաղ գոյակցութեամբ` այլ կրօններուն ու մշակոյթներուն հետ: Հետեւաբար, ըսել, թէ քրիստոնէութիւնը կը հալածուի Միջին Արեւելքի մէջ, բացարձակօրէն չի՛ համապատասխաներ իրողութեան: Ճիշդ է, որ կարգ մը երկիրներու մէջ (օրինակ` Եգիպտոս եւ Իրաք), քրիստոնեաներ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին. սակայն անոնց ետին գտնուող դրդապատճառները տարբեր էին եւ տեղայնական: Ապա վեհափառը ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան դիմաց քրիստոնեայ համայնքները չեն կրնար ձեռնածալ մնալ եւ բացասական ու յոռետեսական մօտեցումներով նկարագրել իրենց կեանքը: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը` յիշեցնելով, որ հակառակ եկեղեցիներու ունեցած աստուածաբանական ու դաւանաբանական տարբերութիւններուն, անհրաժեշտ է, որ անոնք գործնապէս արտայայտեն իրենց միասնականութիւնը: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը դարձեալ կենսական է, որովհետեւ իսլամը եւ քրիստոնեան դրացիներ են հակառակ իրենց տարբերութիւններուն, հետեւաբար անոնք պէտք է մշակեն բարի դրացնութիւն:

Իր խօսքի աւարտին վեհափառը` միշտ պատասխանելով ընդհանուր քարտուղարի հարցումներուն, նաեւ անդրադարձաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի դերակատարութեան` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն գծով: Այս ուղղութեամբ վեհափառը շեշտեց հետեւեալը. ա) Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պէտք է խուսափի քաղաքական նկարագիր ունեցող յայտարարութիւններէ, եւ ատենապետին կամ ընդհանուր քարտուղարին ստորագրութեամբ «հովուական թուղթ» ուղղէ եկեղեցիներուն: բ) Յիշեալ թուղթին մէջ պէտք է շեշտուին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զօրակցութիւնը եկեղեցիներուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգչական շարժումներուն եւ աշխատանքներուն քրիստոնեայ համայնքներուն գործօն մասնակցութիւնը: գ) Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պէտք է քաջալերէ նիւթական լայն կարելիութիւն ունեցող արեւմտեան եկեղեցիները, որպէսզի անոնք օժանդակեն շրջանի եկեղեցիներու ծրագիրներուն:

Հանդիպման վերջաւորութեան նաեւ քննարկուեցան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի զանազան ծրագիրները եւ աշխատանքները:

Նախորդը

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ» ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑ 10 ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶԸ

Յաջորդը

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։