Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ. «ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

May 20, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս մամլոյ ասուլիս տուաւ տեղացի լրագրողներուն: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Քուէյթի բոլոր թերթերու եւ պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողները: Մէկուկէս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վեհափառը պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Քուէյթ իր այցելութեան նպատակին ու ընդհանրապէս Քուէյթի հայութեան, Լիբանան – Քուէյթ յարաբերութեան, քրիստոնեայ – իսլամ երկխօսութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան, եւ մասնաւորաբար Հայոց  ցեղասպանութեան, Հայաստան – Ազրպէյճան յարաբերութեան, ու յատկապէս Ղարաբաղի, Լիբանանի հայութեան եւ ընդհանրապէս ներկայ աշխարհը յուզող տագնապներուն:

Վեհափառը մասնաւորաբար շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

1. Քուէյթի մէջ հայ համայնքը լայն ազատութիւններ կը վայելէ, ունի իր եկեղեցին ու դպրոցը, լաւապէս կազմակերպած է իր համայնքային կեանքը, այս գծով մենք համայնքին անունով մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք Քուէյթի իշխանութեան եւ ժողովուրդին:

2. Քուէյթը միշտ կը մնայ բարեկամ Լիբանանին: Լիբանանեան տագնապի շրջանին կարեւոր դեր կատարեց ան` կողմերուն միջեւ հասկացողութիւն յառաջացնելու իմաստով: Կը սպասենք, որ Քուէյթ շարունակէ իր տնտեսական օժանդակութիւնը Լիբանանին:

3. Լիբանանի հայ համայնքը երկրին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է, ան իր պարտաւորութիւնները լիովին կը կատարէ Լիբանանին նկատմամբ. միաժամանակ, ան տէր կը կանգնի իր բոլոր իրաւունքներուն: Լիբանանը համայնքային երկիր է. համայնքային գոյակցութիւնը առանցքը կը կազմէ Լիբանանի գոյութեան ու իւրայատկութեան:

4. Հայերը չէ որ Ազրպէյճանի հողը գրաւած են, այլ` ճիշդ հակառակը: Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Հայաստանին. պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով ան խորհրդային իշխանութեան կողմէ տրուեցաւ Ազրպէյճանին: Ղարաբաղի հողին վրայ ապրող հայ ժողովուրդը իրաւունքը ունի ինքնորոշման:

5. Թուրքիան պարտաւոր է իր հայրերուն կողմէ պետական տարողութեամբ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ընդունելու: Կարելի չէ՛ պատմական իրողութիւնները ուրանալ: Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ Թուրքիայէն ու միջազգային համայնքէն:

6. Քրիստոնեայ – իսլամ երկխօսութիւնը հրամայական է ներկայ աշխարհին մէջ, համաշխարհայնացած աշխարհը կը պարտադրէ կեանքի երկխօսութիւն բոլոր կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը միասին ապրած են հասարակաց արժէքները շեշտելով եւ իրենց տարբերութիւնները յարգելով: Հետեւաբար, պէտք է հեռու մնալ այնպիսի մօտեցումներէ, որոնք կրնան վնասել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Կրօնը պէտք չէ՛ օգտագործուի ոչ կրօնական նպատակներով: Կրօնը սիրոյ, խաղաղութեան ու արդարութեան առաքեալը պէտք է մնայ միշտ:

Մամլոյ ասուլիսին առընթեր վեհափառը նաեւ առանձին հարցազրոյցներ ունեցաւ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններուն հետ:

 

 

Նախորդը

ԸՆԴՎԶՈՒՄՆ ՈՒ ՅՈՅՍԸ` ԺԱՆ ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.