Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

May 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Սապահ Ահմետ Սապահ իշխանը

Երեքշաբթի, 17 մայիս 2011-ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի Սապահ Ժապր Ահմետ Սապահ իշխանին հետ` յատուկ կարգադրութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին:

Վեհափառը նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ 6 տարիներ յետոյ, դարձեալ կը հանդիպի իշխանին, ապա հանրապետութեան նախագահին ողջոյնները փոխանցեց իշխանին: Վեհափառը յիշեց, որ Լիբանանի տագնապի շրջանին, իշխանը այդ օրերուն իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, կարեւոր դեր ունեցաւ Լիբանանի տագնապի լուծման աշխատանքներուն մէջ:

Ներածական այս բաժինէն ետք վեհափառը յայտնեց իշխանին, որ այս անգամ Քուէյթ այցելութեան իր հիմնական նպատակն էր ներկայ գտնուիլ Ազգային վարժարանի յիսնամեակի հանդիսութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառը անձնապէս իր եւ Քուէյթի հայութեան երախտագիտութիւնը յայտնեց իշխանին այն բոլոր կարելիութիւններուն համար, զորս Քուէյթի պետութիւնը ընծայած էր հայ համայնքին անցնող 50 տարիներուն ընթացքին: Ապա վեհափառը յայտնեց իշխանին, որ նախանցեալ օր իրեն այցելած էին Քուէյթի քրիստոնեայ համայնքներուն հոգեւոր պետերը եւ խնդրած իրմէ, որ իշխանին փոխանցէ իրենց շնորհակալութիւնը` միաժամանակ խնդրելով, որ իրենց համայնքներուն համար դիւրութիւններ ընծայուին եկեղեցւոյ հողաշերտի կարգադրութեան ու եկեղեցւոյ շինութեան: Այս շրջագիծին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի հայութեան եկեղեցւոյ հարցին` իշխանին պարզելով այն դժուարութիւնները, որոնց դիմաց կը կանգնի հայ գաղութը` խնդրելով իշխանին օժանդակութիւնը:

Ուշադրութեամբ հետեւելէ ետք վեհափառին արծարծած հարցերուն` իշխանը խնդրեց վեհափառէն, որ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցէ հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը կը գտնուի վերականգնումի ընթացքին մէջ: Ապա իշխանը յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ հայ համայնքին մասին` իբրեւ աշխատունակ ու հաւատարիմ համայնք: Անդրադառնալով վեհափառին յիշած հարցերուն ու յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հարցին` իշխանը թելադրեց, որ հայ համայնքի պատասխանատուները անհրաժեշտ բացատրութիւններով նամակ մը յղեն իրեն, որպէսզի ինք կարենայ յառաջիկային գործնական քայլերու դիմել այս ուղղութեամբ:

Հանդիպման աւարտին իշխանը անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ յատկապէս արձանագրութիւններու հարցին` մաղթելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները դառնան բնականոն: Վեհափառը այս գծով յիշեցուց իշխանին` ըսելով, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը արդարութեան հարց է եւ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ հայերուն դէմ գործած իր ցեղասպանութիւնը: Ինչ կը վերաբերի արձանագրութիւններու հարցին, վեհափառը յայտնեց, որ Հայաստանը կը սպասէ, որ նախ Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացնէ արձանագրութիւնները:

Յիշեալ հանդիպումին վեհափառին կողքին ներկայ գտնուեցան Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի դեսպան Պասսամ Նաամանի, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, թեմական ժողովի ատենապետ Յարութ Պետիրեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կոստանդին Մոմճեան, թարգմանիչ Մունիր Դարբինեան եւ գաւազանակիր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան:

Իշխանին հետ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք, վեհափառը հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի վարչապետին` շէյխ Նասր Սապահի հետ, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարին` շէյխ Մոհամետ Սապահի ներկայութեամբ: Վեհափառը նախապէս ծանօթ ըլլալով վարչապետին, հանդիպումը կայացաւ մտերմական մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման ընթացքին դարձեալ արծարծուեցան Քուէյթի ու Լիբանանի յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Քուէյթի հայ համայնքին առնչուած հարցեր: Վարչապետը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին հաւատարմութեան եւ Քուէյթի ծաղկման ու յառաջդիմութեան անոր բերած նպաստին մասին:

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ ( 19 մայիս 2011 )

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.