Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշել, Յիշեցնել Եւ Պահանջել. Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ուղենիշները

April 22, 2013
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքները կը պատրաստուին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, 2015 թուականի ապրիլ 24-ին, համակարգելով իրենց ոգեկոչման ծրագիրները տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներով:

Երկու տարի առաջ Հայաստանի մէջ ստեղծուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող համահայկական յանձնաժողով, որուն կազմին մէջ մտան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ղեկավարները, կրօնական առաջնորդները եւ սփիւռքի քաղաքական, բարեսիրական ու մշակութային գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Տեղական յանձնախումբեր ձեւաւորուեցան զանազան երկիրներու մէջ: Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբի միջազգային փորձագէտները անցեալ ամիս հաւաքուած էին Երեւանի մէջ` մշակելու յատուկ ծրագիրներ, որոնք պէտք է ներկայացուին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական յանձնաժողովի մայիս 30-ի ժողովին:

Ապրիլ 6-ին Միջին Արեւելքի ութ երկիրներու (Կիպրոս, Եգիպտոս, Իրաք, Քուէյթ, Լիբանան, Սուրիա, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ եւ Իրան` ներկայացուած Թեհրանի, Սպահանի եւ Թաւրիզի յանձնախումբերով) Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբերը հաւաքուեցան Պէյրութի մէջ` տարածաշրջանային մակարդակով իրենց նախաձեռնութիւնները համակարգելու համար: Խորհրդաժողովին կը մասնակցէր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը կը նախագահէր խորհրդաժողովին եւ հանդէս եկաւ դիպուկ ելոյթով` ուրուագծելով այն սկզբունքները, որոնցմով պիտի առաջնորդուին տարածաշրջանային յանձնախումբերը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն նախապատրաստուելու ընթացքին: Արամ վեհափառը նպատակները ձեւակերպեց հետեւեալ երեք հիմնական բառերով. «ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը բացատրեց. «Հարիւր տարի շեշտը դրինք յիշելու վրայ: Մոմ վառեցինք, ոգեկոչման երեկոներ կազմակերպեցինք, գիրք տպեցինք: Կարեւոր են այդ բոլորը, որպէսզի մեր նոր սերունդները մեր նահատակներուն նուիրական կտակով ու ոգիով թրծուին: Սակայն միայն այդ կէտին վրայ պիտի չկեդրոնանանք: 100 տարի յիշեցուցինք` ցոյցեր կազմակերպելով, լոպիինկի աշխատանքներ կատարելով եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելով: Նոյնը պիտի ընենք բնականաբար տարբեր մօտեցումներով: Սակայն անհրաժեշտ է, որ մենք շեշտը դնենք պահանջատիրութեան ու հատուցման վրայ»:

Վեհափառը ներկաներուն յիշեցուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ անցեալ տարի կազմակերպուած «Ճանաչումէն հատուցում» թեմայով միջազգային համագումարի մասին` միջազգային իրաւագէտներու մասնակցութեամբ. «Այսօր մենք մասնագէտ իրաւագէտներու պահանջ ունինք, որպէսզի միջազգային ատեաններու մէջ մեր Դատը կարենանք ճիշտ ձեւով ներկայացնել, պաշտպանել եւ հետապնդել», ըսաւ կաթողիկոսը:

Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս խորհուրդ տուաւ աշխատանքի բաժանում կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի միջեւ. «Մենք պէտք է միասնական ճիգով աշխատինք: Մեր մօտեցումներն ու շեշտադրումները կրնան տարբերիլ իրարմէ. երբեմն պէ՛տք է տարբեր ըլլալ: Չմոռանանք, որ Հայաստանը պետութիւն է, իսկ սփիւռքը` սփիւռք: Պետութիւնը սփիւռքի եւ սփիւռքը պետութեան լեզուով պիտի չխօսին: Իւրաքանչիւրը իր յատուկ ըսելիքն ու ընելիքը ունի: Սակայն տարբեր մօտեցումներու միջեւ պէտք է ըլլան ներքին ներդաշնակութիւն եւ համադրում: Այլ խօսքով, պէտք է միակամ ծրագրենք ու գործենք` ամուր կառչած մնալով պահանջատիրութեան»:

Այնուհետեւ կաթողիկոսը կոչ ուղղեց հարիւրամեակի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ ընդգրկելու Ափրիկէի, Ծայրագոյն Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանները: Անդրադառնալով Միջին Արեւելքին` Արամ Ա. կաթողիկոս ուշադրութիւն դարձուց երեք կարեւոր կէտերու վրայ.

1. Իսլամական աշխարհի մէջ Հայ դատի հետապնդումն այլ մօտեցում կը պահանջէ, քանի որ Թուրքիան մահմետական պետութիւն է:

2. Տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ հետզհետէ հզօրացող եւ ներթափանցող ազդեցութիւնը լուրջ հիմնախնդիր է. «Տարածաշրջանի երկիրներու ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ընթացքին միշտ կը յիշեցնենք անոնց` ըսելով . «Թուրքիոյ առջեւ ձեր դռները շատ լայն բացած էք: Կու գայ այն օրը, երբ դուք կը հասկանաք ձեր սխալը: Թուրքիան տարբեր դիմակներ կը գործածէ: Հետեւաբար մենք պէտք է արթուն ըլլանք, քանզի ցեղասպանը մօտէն կը հետեւի մեր քայլերուն: Մենք պիտի չնահանջենք եւ պիտի չթուլանանք Թուրքիոյ միջամտութիւններէն»:

3. Ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող դէպք չէ: Սփիւռքը Ցեղասպանութեան հետեւանքն է, եւ որոշ իմաստով, Ցեղասպանութիւնը դեռ կը շարունակուի:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հայկական ջանքերը բաժնեց երեք հարթութիւններու` պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: «Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու առաջին երկուքը` յստա՛կ առաջնահերթութիւն տանք իրաւական երեսին: Այս գծով հսկայ աշխատանք ունինք կատարելիք», ըսաւ ան:

Յատկանշական է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան, նոյնպէս ելոյթ ունենալով Պէյրութի մէջ կայացած տարածաշրջանային խորհրդաժողովին, նշեց. «Մենք գիտենք, որ չենք կարող վերացնել Հայոց ցեղասպանութեան որոշ հետեւանքները, ինչպէս` զոհերն ու աւերուած եկեղեցիները, այնուամենայնիւ, գլխաւոր հետեւանքը հողի կորուստն է»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Ապահովութիւն Եւ Ազատութիւն. Պոսթընի Ռմբահարումները Ծնունդ Կու Տան Բացայայտումներ Պարունակող Ծանօթ Հակազդեցութիւններու

Յաջորդը

Անփոխարինելի Վարչապետ Եւ Արտաքին Գործերին Նախարար. Հինգ Տարում Հայաստանից Հեռացել Է Բնակչութեան 7 Տոկոսը

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.