Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԵՐԳԻԾԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

May 17, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագիրով երգիծախառն թատերախաղ մը ներկայացուեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ:

14-էն 16 մայիսին եռօրեայ բեմադրութեամբ ներկայացուած մանկապատանեկան այս թատերախաղը կու գայ ընդառաջելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակելու նախաձեռնութեան:

«Իր առօրեայ կեանքի պահանջներուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան կողքին, հայ մանուկը երբ մեծնայ, ի՛ր կարգին առաջ պիտի նետուի ու պաշտպանէ 1915-ի Եղեռնին զոհ հազարաւոր հայ մանուկներու իրաւունքները», յայտարարեց Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան` այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ:

«Ինչ որ լաւ է ու բարի է` հայ մանուկին իրաւունքն է: Այսօր, այս սրահին մէջ հայ մանուկը շատ պիտի խանդավառուի իր իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ, սակայն այս սրահէն դուրս` հայ ծնողներուն դերն ու պարտականութիւնն է իրենց զաւակներուն ցոյց տալ իրենց իրաւունքները», շարունակեց հայր սուրբը` մաղթելով, որ լուսարձակի տակ բերուող նիւթին` հայ մանուկի իրաւունքներուն արծարծումը չսահմանափակուի 2011-ով, այլ` շարունակուի անոր ամբողջ կեանքին տեւողութեան: «Թող ասիկա խթան ըլլայ անոնց, որպէսզի ապագայի իրենց տեսլականով ու գործունէութեամբ պատիւ բերեն իրենց ազգին ու ծնողներուն», շեշտեց ան:

Իր խօսքին մէջ հայր սուրբը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` «Հայ մանուկի տարուան» գեղեցիկ գաղափարի յղացումին համար, հայ մանուկներու իրաւունքներու հետապնդման ու պաշտպանութեան գծով: Նմանապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին` ցուցաբերուած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար: Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի գլխաւոր դերակատար` «Ծիածան» թատերախումբի բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին ու ձայնի սարքաւորումներու պատասխանատու Սեդօ Պաղտասարեանին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ու երկու արարով ներկայացուած «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագրեալ թատերախաղին ներկայացումը մեծապէս խանդավառեց հայկական վարժարաններէն ժամանած հարիւրաւոր աշակերտները, որոնք ծափերով ու ողջոյններով ձայնակցեցան թատերախաղի երգերուն: Յատկապէս ուշագրաւ էին թատերախաղի մասնակիցներէն Նայրան եւ Լոռին, որոնք եկած էին «արեւմտեան անտառ»ի թագաւորին մօտ պաշտպանելու հայ մանուկին (իմա` Մկնիկ Մկնիկեանին) իրաւունքները:

«Մեր իրաւունքն է մեսրոպաշունչ տառերով մեր լեզուն խօսիլ», կը բացագանչէր «իրաւաբան» Նայրա` պաշտպանելով իր թէզը:

Իսկ «իրաւաբան» Լոռին եկած էր «Արեւմտեան անտառ»ի թագաւորին յիշեցնելու թիւ 1915 կոնդակի 24-րդ յօդուածը` հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէր 24 ապրիլ 1915-ին զոհուած հազարաւոր հայ մանուկներու իրաւունքը, եթէ հիմա այս Մկնիկ Մկնիկեանին իրաւունքը կը զլանայ շնորհել:

«Հայ մանուկի տարուան» ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, մայիս ամիսը թատերական ու առհասարակ մշակութային ելոյթներու յատկացնելով, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը պիտի հովանաւորէ նաեւ յառաջիկայ ձեռնարկը, որուն ընթացքին մանկական երգերու մեկնաբան Մակի պիտի խանդավառէ հայ մանուկները:

 

Նախորդը

ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՍՈՒԼՈՒԽԻ ԿՌԻՒԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.