Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան Մրցում. «Ակօս» Թերթի Հայերէն Բաժինի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեան Պիտի Ժամանէ Լիբանան Եւ Պիտի Ունենայ Շարք Մը Հանդիպումներ

February 28, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» Շարադրութեան գ. մրցումի շրջագիծին մէջ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը 28 փետրուարէն 3 մարտ Լիբանան կը հիւրընկալէ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Սերոբեանը:

Այս առիթով գաղութին մէջ պիտի իրականանան շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց ընդմէջէն քննութեան առարկայ պիտի դառնան Թուրքիոյ մէջ թաքուն հայերու իրավիճակը, մամուլը, Արեւմտահայաստանի հարցը, «Ակօս» թերթին իրավիճակը, Տինքի սպանութենէն ետք արձանագրուած փոփոխութիւնները եւ այլ խնդիրներ:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի օր Սերոբեան պիտի հանդիպի ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ «Ազդակ»-ի, «Արարատ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի խմբագրատուները:

Յաջորդ օրը կէսօրուան ժամը 12:00-ին, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի Աւանդներու ակումբին, տեղի պիտի ունենայ ուսանողական լսարան մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Արեւմտահայաստանը` լուսանկարներու եւ վկայութիւններու ընդմէջէն: Նոյն օրը ան պիտի ունենայ հանդիպում մը Մեսրոպեանի աշակերտներուն հետ, իսկ երեկոյեան, ժամը 7:00-ին, «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ պիտի կայանայ շարադրութեան մրցումի մրցանակաբաշխութիւնն ու նշանակի տուչութիւնը:

Շաբաթ, 2 մարտ 2013-ի առաւօտուն Սարգիս Սերոբեան պիտի այցելէ Զմմառու վանք, իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ պիտի ըլլայ զեկուցաբերը մամլոյ ասուլիսի մը` գործակցութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին: Լսարանին նիւթն է ««Ակօս» թերթը եւ թաքուն հայերու երեւոյթը»:

Լիայոյս ենք, որ«Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցումն ու Սարգիս Սերոբեանին Լիբանան այցելութիւնը էապէս կը ծառայեն իրենց ազգային եւ դաստիարակչական նպատակներուն: Այս առիթով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագիրին յաջողութեան:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Յանկարծամահութիւն» Նիւթով

Յաջորդը

Կրակոց Զուիցերիական Գործատեղիի Մը Մէջ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։