
Կազմակերպութեամբ «Եուրեքա Պուսթ» կեդրոնին (Ռապիէ), երէկ` կիրակի, 23 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը` 25 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու մասնակցութեամբ:
Նկատի ունենալով, որ 8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ թիւը այդքան ալ շատ չէր, 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները կատարուեցան միասին (12 մասնակցող, իսկ 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները տեղի ունեցան առանձին (13 մասնակցող):
10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, առաւելագոյնը 6 կէտը ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Մոհամետ Քապալան, իսկ երկրորդ դիրքը` Հրակ Լախեան (5 կէտ): Երրորդ դիրքը գրաւեց Հրայր Գասապեան (4 կէտ):
Մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ յատուկ մետալ մը յանձնուեցաւ Քլակ Մարտիրոսեանին, որովհետեւ ան մրցաշարքին մասնակցող ամէնէն փոքր մասնակիցն էր:
Ինչ կը վերաբերի 12 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, առանց պարտութիւն կրելու առաջին դիրքը գրաւեց Հայկ Աւետիս (5,5 կէտ): 2-րդ դիրքը գրաւեց Համզա Մրատ (5 կէտ), իսկ 3-րդ հանդիսացան Արի Աւետիս եւ Սեմի Հատտատ (4-ական կէտ):
Պէտք է ըսել, որ մրցաշարքը բաւական լաւ ձեւով կազմակերպուած էր եւ անիկա աւարտեցաւ յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին:
Աւարտին, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, մրցաշարքին կազմակերպիչները իրենց շնորհակալութեան խօսքը ուղղեցին «Ազդակ» օրաթերթի մարզական խմբագիրին, որ մարզական էջերուն մէջ կարեւոր տեղ տրամադրեց այս իրադարձութեան:
Հայկ Աւետիսէն, Հրակ Լախեանէն, Հրայր Գասապեանէն, Արի Աւետիսէն եւ Քլակ Մարտիրոսեանէն բացի, մնացեալ հայ մասնակցողները արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները. Քարլօ Դարբինեան (3,5 կէտ), Կարօ Գալֆայեան (3), Կարէն Խալոյեան (3,5), Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (3), Նանօր Առնելեան (3), Նարօտ Գըլըպոզեան (2,5) եւ Լիակ Մարտիրոսեան (2):
Կը շնորհաւորենք բոլոր մրցանակակիրները եւ մրցաշարքին մասնակցած հայերը:


