Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Յանձնախումբը Ներկայացուց 2012 Թուականի Գործուղումը

December 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արա Գասապեան             Ասպրամ Կրպէեան կը ստանձնէ   ԶՈՄ-ի յուշանուէրը

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» յանձնախումբին հիմնական ծրագիրը գործուղումն է: Տարուան ընթացքին կատարած բոլոր աշխատանքները կը նպատակադրեն գործուղումին յաջողութիւնը:

ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» յանձնախումբը 2004 թուականէն ի   վեր կը կատարէ գործուղումներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Առաջինը սկսաւ Սիմոն Զաւարեանի ծննդավայրէն` Լոռիէն, ուր շինարարական աշխատանք կատարուեցաւ գիւղի դպրոցին մէջ: Յաջորդող տարիներուն գործուղումը սկսաւ ազգային եւ դաստիարակչական բնոյթ ստանալ եւ կեդրոնացաւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ:

«Դէպի երկիր» յանձնախումբը յաջորդաբար ութերորդ տարին ըլլալով անցնող ամառ կազմակերպեց եւ իրագործեց գործուղում մը դէպի հայրենիք: Յանձնախումբը երէկ` ուրբաթ, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ ներկայացուց 2012 տարուան ընթացքին կատարած գործուղումը «Քաշաթաղը իմ տունն է 2012» խորագիրին տակ: Ձեռնարկին ներկայ էին նախկին եւ ներկայ զաւարեանականներ: Հանդիպումին Հայաստանէն հրաւիրուած էին Արցախի ազատամարտիկ Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը` Ասպրամը եւ կինը` Իրինան:

Հինգերորդ անգամ ըլլալով գործուղման ծրագիրը իբրեւ թիրախ ունեցաւ Քաշաթաղը. այն վայրը, որ ունի ռազմավարական մեծ նշանակութիւն` իբրեւ  Արցախը Հայաստանին միացնող շրջան. այն  վայրը, որ ունի բերրի հող, ուրեմն` վերաբնակեցման նպաստաւոր պայմաններ:

Ձեռնարկին բացման խօսքին աւարտէն ետք, Արա Գասապեան ուղղեց Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան խօսքը: Ան յայտնեց, որ  ««Դէպի երկիր» գործունէութիւնը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ միութեան աշխատանքներուն հիմնական բաժիններէն մէկը, այնքան ատեն որ Արցախը տակաւին կարիքը ունի մեր ներդրումներուն, յատկապէս Արցախի Քաշաթաղի շրջանը»: Ան Զաւարեան ուսանողական միութեան անունով նաեւ հաստատեց, որ ««Դէպի երկիր» գործուղումները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ տարիներուն` ընդարձակելով իրենց գործունէութեան դաշտը եւ բարեփոխելով բնոյթն ու ձեւը դէպի լաւագոյն արդիւնաբերութիւն»:

Ապա 2012 տարուան գործուղումը մանրամասնօրէն ներկայացուեցաւ տեսերիզի միջոցով. գործուղումը տեղի ունեցաւ 13 յուլիսէն 10 օգոստոս` Կովսական գիւղին մէջ: ԶՈՄ-ի կողմէ գործուղուած էին տասը ընկերներ: Ճամբարին մասնակցեցան 150 աշակերտներ, որոնք ժամանեցին Կովսական, Վան, Միջնաւան, Մուշ եւ Ալաշկերտ գիւղերէն: Փոքրիկները ունէին ամէնօրեայ ծրագիրներ:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Սագօ Հալլաճեան, որ դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պար»-ը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, նախկին զաւարեանականները առիթը ունեցան ներկայացնելու իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները յառաջիկայ գործուղումներուն կապակցութեամբ:

Հաւաքի աւարտին խօսք առաւ Ասպրամ Կրպէեան: Ան յայտնեց, որ շատ ուրախ է ԶՈՄ-ի հրաւէրին ընդառաջելով եւ կրկնակի երջանկութեամբ լեցուեցաւ, երբ ԶՈՄ-ի անդամներուն մէջ նկատեց ազգային շունչ ու ոգի: Վերջապէս, ուժ, եռանդ ու կորով մաղթելով ԶՈՄ-ին, Ասպրամ Կրպէեան յայտնեց, որ միշտ պատրաստ է աջակցելու ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Ձեռնարկի աւարտին ԶՈՄ-ի կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Թաթուլ Կրպէեանի ընտանիքին:

ԶՈՄ-ը, գիտակցելով Արցախի ժողովուրդին առողջապահական, կրթական, կենցաղային պայմաններուն բարելաւման, վերականգնման  ու վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան, կը հաստատէ, որ 2004-ին սկսած այս գործը հաստատ քայլերով պիտի շարունակէ նաեւ յառաջիկայ տարիներուն` հաւատալով Արցախի փառապանծ անցեալին ու պայծառ ապագային:

 

Նախորդը

Դէպի Հալէպ Օժանդակութեան Փորձերը Կը Խափանուին

Յաջորդը

Նիժնի Նովկորոտի Պետական Համալսարանին Մէջ Լսարան` «Ազդակ»-ի 85-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.