Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյսի Նշոյլ

December 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՊԵՏԻՐԵԱՆ

Խաղաղութի՜ւն… այս բառի քաղցրութիւնն ու կարօտը առաւել սաստկութեամբ կը զգանք մենք` հայերս: Աշխարհի մէջ ամէնէն  շատ մենք ենք կարօտ` խաղաղ ու ստեղծագործ աշխատանքի, ամէնէն շատ մենք տուժած ենք հրացանի զարկէն, կողոպուտէն ու կրակէն:

Պատմութեան դաժան քառուղիներուն մէջ յաճախ խոցուած է հայ ժողովուրդը: Ահաւասիկ կարծես պատմութիւնը կը կրկնուի եւ հայու ճակատագիրը նորանոր դաժանութեան դէմ յանդիման կը դնէ հայութիւնը. այս անգամ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին սեւ նոր էջեր կը բացուին հայուն դիմաց, որ կը դատապարտուի մահուան, կողոպուտի  եւ առեւանգումներու:

Չարաբաստիկ հոկտեմբեր ամսուն զինեալ ապստամբները Պէյրութէն Հալէպ ուղեւորուող քաղաքացիական պասէն եօթը հայ ուղեւորներ գերի վերցնելով` մեկնեցան անյայտ ուղղութեամբ:

Առեւանգումի լուրը կայծակի արագութեամբ արձագանգեց Հալէպէն: Առեւանգուած էին հայր, որդի, եղբայր եւ հարազատ: Լսելով այս ցաւագին լուրը` տագնապի մատնուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ սփիւռքի այլ գաղութներու համայն հայութիւնը: Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ ազգի պատասխանատուներ օրեր եւ շաբաթներ ջանք չխնայեցին եւ փութացին օգնութեան, վարեցին բանակցութիւններ` փորձելով բոլոր հայ պատանդները անվտանգ տուն վերադարձնել, սակայն հակառակ կողմի տուած խոստումները ի զուր էին, երբեմն աղաւաղուած լուրեր կը տարածէին եւ երբեմն կցկտուր խոստումներ կը փոխանցէին: Պատասխանատուներուն ի գործ դրած բոլոր ճիգերը, դժբախտաբար, մնացին ապարդիւն:

Այսօր այդ փոթորկալից իրադարձութենէն անցած են յիսուն օրեր:

Յիսուն օրերէ ի վեր հայ պատանդներուն հայրերը, մայրերը, քոյրերն ու հարազատները կը տառապին անորոշութենէ: Կասկածները կը կրծոտեն բոլորին սիրտերը: Արցունքներով մշուշուած հայեացքով կը սպասեն յոյսի նշոյլի մը:

Աւարտին հասաւ 2012 թուականը: Յոյսի տաք ճաճանչն է, որ կը ջերմացնէ մեր հոգիները: Արդեօք ի՞նչ կը խոստանայ մեզի 2013-ը: Արդեօք պիտի թելադրուի՞ չարին կամքը, թէ՞ պատանդները պիտի վերադառնան իրենց հայրական օճախները եւ գրկախառն դիմաւորեն Նոր տարին:

Տառապեալ մայրե՛ր եւ հարազատնե՛ր, վհատութիւնը երբեք չսողոսկէ ձեր վիրաւորուած սիրտերը: Յոյսով ենք, որ ձեր մշուշուած աչքերը մօտ օրէն պիտի պայծառանան եւ լեցուին երջանկութեան արցունքներով: Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ ե՛ւ Սուրիոյ, ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ հայրենիքի բոլոր նուիրեալ պատասխանատուներն ու ղեկավարները պիտի կրկնապատկեն իրենց աշխատանքները, որպէսզի անվտանգ վերադառնան ձեր զաւակներն ու հարազատները:

Բա՛ւ է որքան մեր բնօրրանէն պոկուեցանք, արիւնաքամ եղանք, ծուխէն կսկծացող աչքերով լացինք ու Աստուծմէ խաղաղութիւն աղերսեցինք: Թող մեր ջանքերը բազմապատկենք եւ մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած, որ անմեղ պատանդները Նոր տարուան շեմին վերադառնան տուն:

Քուէյթ, 17 դեկտեմբեր, 2012        

 

 

Նախորդը

«Այլ Կերպ Չի Կրնար Ըլլալ. Սուրիահայերուն Աջակցութիւն Ցուցաբերելը Հայաստանի Իշխանութիւններուն Պարտականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1962)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.