Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Խնդրուի Արտատպել

December 17, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Վաղուց այսպիսի յայտարարութիւն մը չէի կարդացած հայկական թերթերու մէջ: Ժամանակին, խորհրդային տարիներուն, յաճախ կը տեսնէի «Կը փնտռուի» վերնագիրով ազդեր, որոնք Բ. Համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհին մէջ կորսուած հարազատներ յայտնաբերելու յուսահատ ճիչեր էին:

Այս մէկը, զոր կարդացի Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս»-ի էջերէն, բոլորովին նոր ուղղութիւն մը կը բանայ ընտանիքի անդամներու վերամիաւորման հայկական ողբերգութեան քարտէսին վրայ:

Ահա՛ «Խլաթցին ազգականները կը փնտռէ» վերնագիրով յայտարարութեան բնագիրը.

«Նախքան 1915 թիւը, Պիթլիսի Ահլաթ (Խլաթ) գաւառակի Տափավանք գիւղի երեւելի բնակիչներէն` «Փիլքօ» ընտանիքը, ըստ տեղեկութեանց, աքսորի տարիներուն ամբողջ գերդաստանով գաղթած է Երեւան: Ընտանիքէն միայն 13-14 տարեկան մանչ զաւակ մը, խումբէն բաժնուելով, մնացած է Թուրքիա եւ իսլամանալով` բնակութիւն հաստատած, Պաթման: Այժմ այդ անձին զաւակները` 5 տղայ եւ մէկ աղջիկ, ինչպէս եւ անոնց թոռները, կը փնտռեն իրենց ազգականները, որոնց մասին, յոյս ունին, որ Հայաստան կը բնակին: Տեղեկութիւն ունեցողներէն կը խնդրուի փնտռել` հեռ. 0537-414-70-32-էն: Մազհար Թեքինը: Կը խնդրուի Հայաստանի թերթերէն արտատպել»:

Մենք ալ կը խնդրենք Հայաստանի մամուլէն արտատպել այս յայտարարութիւնը: Ընթերցողներուն կը թողունք երեւակայել, թէ այս ընտանիքներու վերամիաւորումը ինչպիսի՛ յուզումներ պիտի յառաջացնէ: Իսլամացած, բայց ոչ թրքացած հայ ընտանիք մը կը փնտռէ իր հարազատները: Ընտանիքին մեծը, վստահաբար, չկայ արդէն (այսօր 110 տարեկան պիտի ըլլար): Ի՞նչը դրդեց անոր զաւակները յաղթահարելու, Աստուած գիտէ, որքա՛ն խորունկ զգայնութիւններ են դուրս գալու փնտռտուքի: Խիզախութի՞ւն է, արեան կա՞նչ է® Յամենայն դէպս քա՛ղցր է:

 

 

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մարիամ Անարատ Յղացեալը` Սէրէն Ընտրուած Եւ Շնորհքով Օժտուած Անձը…

Յաջորդը

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Մինչեւ Փետրուար 18…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.