Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Հայութեան Օգնութիւնը Ամբողջ Հայութեան Պարտաւորութի՛ինն Է» Վերահաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող օրերուն ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան տնօրէնը: Անոնք լայնօրէն զեկուցեցին վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս իրենց կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն եւ յատկապէս պայմաններու բերումով ժամանակաւորապէս Լիբանան հաստատուած սուրիահայ մեր զաւակներուն մասին:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատելով այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը ըսաւ. «Վստահաբար նոյն աշխատանքին լծուած են մեր բարեսիրական միւս հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ: Սուրիահայութեան օգնութիւնը ամբողջ հայութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ: Ճիգ պէտք չէ խնայել օգնութեան հասնելու Սուրիոյ մեր զաւակներուն` իրենց կեանքի այս դժուար օրերուն»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Վստահ ենք, որ Հայաստանի մէջ ժամանակաւորապէս կայք հաստատած սուրիահայերուն հայրենի մեր պետութիւնը իր աջակցութիւնը կ՛ընծայէ զանազան ձեւերով: Նոյնը պէտք է կատարուի յատկապէս հոս, Լիբանան ապաստանած մեր ընտանիքներուն, մասնաւորաբար գործի եւ տան դիւրութիւններ ընծայելով անոնց: Գիտենք, որ հայ գործատեղիներուն մէջ մեծ թիւով օտարազգի պաշտօնեաներ կը գործեն: Մեր թելադրութիւնն է, որ մեր բոլոր գործատէրերը իրենց գերագոյն ճիգը կատարեն Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն գործ հայթայթելու իմաստով»: Ապա վեհափառը կոչ ուղղեց ըսելով. «Նոր տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներու սեմին, երբ տօնական մթնոլորտ պիտի տիրէ ամէն տեղ, յիշենք դժուարութեան մէջ ապրող Սուրիոյ մեր սիրելի զաւակները, աղօթենք, որ շուտով խաղաղութիւնը հաստատուի սուրիական հայրենիքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր մասնակցութիւնը բերենք սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներուն»:

Յայտնենք, որ կաթողիկոսարանի անունով բացուած Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին եկած գումարները հանգրուանային կերպով կը փոխանցուին Հալէպի Ազգային առաջնորդարան` առանց խտրութեան գործածուելու սուրիահայութեան օգնութեան առնչուած զանազան ծրագիրներուն:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ 77-րդ Լսարան. Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Զեկուցեց «Հայկական Բաներ» Եւ Հայագիտութեան Տագնապը Նիւթին Մասին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.