Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատիս Հարմանտեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» Մետալով

December 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը, Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը եւ լիբանանահայ էսթրատային երգիչ Ատիս Հարմանտեանը:

Նախարար Յակոբեան բարձր գնահատեց Համազգայինի դերը` Լիբանանի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող հայ արուեստագէտներուն աջակցելու եւ հայրենիքի մէջ անոնց գործունէութիւնը ճանաչելի դարձնելու իմաստով:

«Հայ երգը լաւագոյն զէնքն է, որով կարելի է հայրենիքից դուրս հային հայ պահել: Դուք կարողացել էք օգտագործել այդ զէնքը: Ձեր  երգն ու գործը գնահատուել է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի  կողմից: Իրաւամբ, դժուար է արժանանալ Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր գնահատականին», նշեց նախարարը:

Ապրելով եւ ստեղծագործելով Լիբանանի մէջ` երգիչ Ատիս Հարմանտեան կրցած է տարիներ շարունակ ներկայացնել հայ երգը սփիւռքի մշակութային մայրաքաղաք Լիբանանի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու եւ Հայաստանի մէջ:

Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը, յատկապէս հայ երգը տարածելուն, երգարուեստի մարզին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ ներդրում ունենալուն համար նախարար Յակոբեան Ատիս Հարմանտեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:

Վաստակաշատ արուեստագէտ Ատիս Հարմանտեան այս առիթով նշեց, որ իրեն համար իսկապէս անակնկալ էր նման բարձր պարգեւի արժանանալը:

«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ արժանացած եմ գնահատանքի եւ սիրոյ, սակայն ամբողջ կեանքիս ընթացքին` ներկայացնելով հայ երգարուեստը, ժողովուրդիս մշակոյթը, ինծի համար կարեւոր էր հայրենիքիս մէջ ճանչցուիլն ու այստեղ գնահատանքի արժանանալը», ըսաւ արուեստագէտը:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարին` յատկապէս նշելով անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ դրսեւորած վերաբերմունքը սուրիահայութեան նկատմամբ: Ան հաստատեց, որ սփիւռքը արդէն գիտէ, որ ինք այլեւս անտեսուած չէ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան ուրախութիւն յայտնեց այն երեւոյթին համար, որ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու հաստատումն ու մերձեցումը սփիւռքի նախարարութեան միջոցով կը կատարուի:

«Հերթական հանդիպումն այս թանկ օճախում գալիս է վկայելու, թէ որքան կարեւոր է տիկին Յակոբեանի ուշադրութիւնը սփիւռքի հայ համայնքների համար», նշեց Գալստեան:

Նշենք, որ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին ժողովրդական երգեր մեկնաբանած են Ատիս Հարմանտեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուած «Երգ երգոց» մրցումին այս տարուան յաղթողներ Վարանդա Եագուպեան եւ Ալիս Իփրաճեան:

Նախարար Յակոբեան հրաւիրած է երգիչը` նաեւ իր մասնակցութիւնը բերելու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներուն եւ փառատօներուն:

 

 

Նախորդը

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Երկու Արծաթ Մետալներու

Յաջորդը

Զեկուցելով Լիբանանեան – Հայաստանեան Յարաբերութեանց Մասին Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Սփիւռքի Նախրարութեան Անունով Պարգեւատրեց Հայ Արուեստի, Մշակոյթի Եւ Կրթական Մշակներ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.