Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱԼՔԱՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ. ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

May 3, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշեալ խորագիրով յօդուած մը լոյս տեսած է սէուտական «Շարք Աուսաթ» օրաթերթի կիրակի, 1 մայիսի թիւով` Մոհամետ Առնաութ ստորագրութեամբ: Յօդուածը  կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի 2001-ին թրքերէնով հրապարակած գիրքի արաբերէն թարգմանութեան լոյս ընծայման: Ներկայացնելով «Ռազմավարական խորքը. Թուրքիոյ դիրքն ու դերը անոր արտաքին քաղաքականութեան մէջ» խորագիրով Տաւութօղլուի գիրքին հիմնական մասերը, յօդուածագիրը` Մոհամետ Առնաութ հակիրճ բաղդատական մը կը կատարէ քեմալականութեան եւ էրտողանականութեան միջեւ` նշելով իւրաքանչիւրին դրական թէ ժխտական անդրադարձները Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Այս առումով, յօդուածագիրը կ՛ակնարկէ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց դերակատարութեան Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութեանց ուրուագծումին մէջ` 1923-էն հասնելով մինչեւ 2002 թուականը, երբ 2001-ին Ահմեթ Տաւութօղլուի հրապարակած գիրքը եկաւ որոշ փոփոխութիւններ մտցնելու Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութեանց ուղեգիծին մէջ:

Արդարեւ, Պալքաններու «աշխարհաքաղաքական» եւ «աշխարհամշակութային» կարեւորութեանց միջեւ բաղդատականէ մը ետք, Տաւութօղլու բացայայտօրէն կը քննադատէ Պալքաններու թուրք փոքրամասնութեանց գծով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը, որ այդ փոքրամասնութիւնները «բեռ» մը նկատելով փորձած էր զանոնք Պալքաններէն (Եուկոսլաւիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա…) Թուրքիա տեղափոխել: Այսպիսով, միլիոնաւոր իսլամներ իբրեւ «թուրք» փոքրամասնութիւններ դէպի Թուրքիա տեղադրուած էին` փոխարէնը քանի մը հարիւր հազար քրիստոնեաներու փոխանակումով:

Քննադատելով թրքական այս երբեմնի քաղաքականութիւնը` Տաւութօղլու կ՛առաջադրէ հակադրուող վարքագիծ մը, որ խոր կարեւորութեամբ կը շաղկապէ արտերկրի թուրք իսլամներուն գոյութիւնը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հետ: Ըստ Տաւութօղլուի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Մակեդոնիոյ, Սանճաքի, Քոսովոյի եւ Ռումանիոյ իսլամ փոքրամասնութիւնները հիմնական տարրեր են` Թուրքիոյ պալքանեան քաղաքականութեան պատկերագծումին մէջ:

Ապա յօդուածագիրը բաղդատական մը կը կատարէ Պալքաններու եւ միջինարեւելեան երկիրներուն միջեւ, որոնք «նմանապէս մաս կը կազմեն սելճուքեան-օսմանեան աւանդին»:

Այս առումով, 1918-ին Օսմանեան կայսրութեան փլուզումով նոր սահմաններու ծիրին մէջ թուարկուող փոքրամասնութիւնները (քիւրտեր, հայեր, չերքեզներ…) սակայն դրդապատճառ չեն նկատուիր դրացիներու (օրինակ` Սուրիոյ) հետ Թուրքիոյ լարուածութեան: Ընդհակառակն` Տաւութօղլու մինչեւ 2000 թուական թուրքեւսուրիական լարուածութիւնը կը վերագրէ Պաղ պատերազմի հետեւանքներուն (Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնն ու Սուրիոյ նախկին Խորհրդային Միութեան հետ ունեցած սերտ կապերը…): Նմանապէս, լարուածութեան ազդակ կը նկատէ` մերձակայ պետութեանց դերակատարութիւնը` հարցերը վերստին հրահրելու, ամէն անգամ, որ անոնք «սառեցուին» կամ հանդարտին (Հայաստան Սուրիոյ հետ եւ Իսրայէլ Թուրքիոյ հետ):

Այսուհանդերձ, Տաւութօղլու Սուրիոյ մէջ իսլամ փոքրամասնութեանց գծով իր հետաքրքրութիւնը չի սահմանափակեր թուրք փոքրամասնութեամբ, որ հակառակ հայկականին` զերծ է կրթական թէ մշակութային հաստատութիւններէ, կը նշէ յօդուածագիրը: Այլ նկատի կ՛առնուի քրտական փոքրամասնութիւնը, որ կը նկատուի Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) պահեստի մարդուժը: Փաստօրէն, այս կազմակերպութեան անդամներուն 50 առ հարիւրը Սուրիոյ նշեալ փոքրամասնութեան կը պատկանի:

Այսուհանդերձ, 2003-ին Իրաք ներխուժումն ու անոր յաջորդող դէպքերը` քրտական պետութեան մը ստեղծման հաւանականութեամբ, եկան նոր մարտահրաւէր ստեղծելու Թուրքիոյ համար: Հոսկէ` թուրք ղեկավարներու որդեգրած նոր վարքագիծը քրտական հարցին գծով (քրտերէնի ուսուցման իրաւունք, քրտերէնով սփռուող լսողատեսողական կայաններու հիմնում…): Աւելի կարեւորը, սակայն, Թուրքիա այս ուղղութեամբ ճնշումներ բանեցուց Սուրիոյ վրայ` բացուելու քիւրտ փոքրամասնութեան, որովհետեւ զրկելով այս վերջինները իրենց եւ սուրիական հպատակութենէն եւ մշակութային իրաւունքներէն, զանոնք կը մղէ ՔԱԿ-ի գիրկը, մանաւանդ որ վերջինս Թուրքիոյ համար «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» է: Հետեւաբար, քիւրտերու սուրիական հպատակութիւն շնորհելու նախագահ Ասատի որոշումը (որ հրապարակուեցաւ անցնող ապրիլի սկիզբը), կու գայ ընդառաջելու թրքական փափաքներուն, աւելի քան ենթարկուելու քրտական ցոյցերու ճնշումին:

Բաղդատաբար Սուրիոյ, կը նկատենք, թէ Թուրքիա յատկապէս 2002-էն ետք յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ նաեւ Լիբանանի թուրք փոքրամասնութեան` իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Հոսկէ` Տաւութօղլուի դէպի լիբանանեան Աքքար շրջանը կատարած շրջապտոյտը անոր Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին` յուլիս 2009-ին:

Զուգադիպութենէ հեռու եղող այս քայլը կրկնուեցաւ, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նոյեմբեր 2010-ին Լիբանան այցելելով մօտէն հետեւեցաւ նաեւ Աքքարի (Քաուաշրէի շրջանը. «Ա.») շուրջ վեց հազար հաշուող թուրք փոքրամասնութեան ընկերային թէ մշակութային կացութեան:

Արաբական աշխարհին հետ նախընթաց նկատուող այս քայլը կրնայ առաւել եւս զարգանալ յառաջիկային` խոստանալով աւելի սերտացնել կապերը յառաջիկայ տարիներուն:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ՓՈԽԱՐԻՆՈ՞ՒՄ…

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։