Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցի. Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի Սրբապատկերներու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

December 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան նորաստեղծ Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան, երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի սրբապատկերներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի, Չեխիոյ եւ Լեհաստանի դեսպաններուն, հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ օտար արուեստասէր ու հաւատացեալ հասարակութեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան անունով արտասանեց Աուտի Խորոզ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան, ի մասնաւորի «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանին, որ իբրեւ կամուրջ մեծապէս նպաստեց ցուցահանդէսին յաջողութեան:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Թոմազ Նոկածիչ, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութեան մէջ արուեստն ու կրօնը կը միացուին եւ միախառնուելով սուրբերու պատկերներու ընդմէջէն կը ստեղծեն հոգեպարար մթնոլորտ: Լեհաստանի դեսպանը շեշտեց, որ հայերուն եւ լեհերուն միջեւ մշակութային յարաբերութիւնները դարերու պատմութիւն ունին, եւ այս նախաձեռնութիւնը այդ բոլորին վրայ պիտի աւելցնէ գնահատելի օղակ մը:

Իր կարգին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան ըսաւ, որ սրբանկարները կ՛արտայայտեն մարմնացեալ Աստուծոյն ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ, որպէսզի մարդկութիւնը մասնակցի աստուածային կեանքին: Հայր Եղիայեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ սրբանկարիչ Մարկարիթային, «Թելէ Լիւմիեր» պատկերասփիւռի կայանի անձնակազմին, Լեհաստանի դեսպանին եւ եկեղեցւոյ Մշակութային հանդիպումներ ընկերակցութեան:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին Մարկարիթա Փիլեքա Հիլալի ցուցադրած էր 100 սրբապատկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր գեղարուեստական իւրայատկութիւնը, իմաստային խորութիւնն ու արժէքը: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2012:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հայ Գրատպութեան 500-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ Հայկազեան Համալսարանը Կը Մեծարէ Լիբանանի Հայկական Հրատարակչատուները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.