Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան 122-Ամեակ. Ներշնչումի Եռոտանին Բ.

December 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ո՛վ կրնայ ուրանալ ազգային կեանքի բազմաշերտ ու բազմաոլորտ բնագաւառներու մէջ իր յատուկ ներդրումը ունեցած եւ առհասարակ պատասխանատուութիւն ստանձնած յեղափոխական այս կուսակցութեան պատմագրական հարուստ ժառանգը:

Անոնք` հայկազեանց տոհմի ու ասպետական հոգեկերտուածքի  ուխտեալները, իրենց ժողովուրդի օրհասական մէկ հանգրուանին, եւ հակառակ դարաւոր խաւարին ու ստրկութեան պատուհասին, եւ ի գին անհատնում զոհողութիւններու եւ տառապալից կեանքին` յաջողեցան ըլլալ յառաջամարտիկի դերակատարութեան մէջ եւ ձեւաւորել հայ քաղաքական մտքի ու մարտունակ ոգիի արժեհամակարգը:

Անոնց համար հայրենի լեռներու աստուածամերձ գագաթները չդարձան լոկ հանգստավայրեր, այլ` ազատատենչ հոգիներու բագիններ, պայքարի ու խրախուսանքի հնոցներ, յեղափոխական աշխատանքի սրբազան օրրաններ, ուր խստաշունչ քամիներն անգամ չկրցան արգելակել բուռ մը հայդուկներու հրաշակերտ բազուկի զօրութիւնը:

Իրօք, մարդկային թէ բնութենական ստեղծուած ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման, անոնք` ազգին երդուեալ ու քաջասիրտ ֆետայիները, մնացին պատնէշներու ու խրամներու հաւատաւոր զինուորագրեալներ եւ սարսափազդու իրենց հարուածներով շատ անգամ շշմեցուցին թուրք ու քիւրտ հրոսակներն անգամ:

Իրօք, Հայկական բարձրաւանդակի հովանիին ներքեւ ապրող իւրաքանչիւր գիւղ թէ աւան, մեծաշէն քաղաք թէ գաւառ եղան դաշնակցական քարոզիչներու եւ յեղափոխականներու դիտավայր, ազգային գիտակցութեան ու գաղափարական հասունացման միջավայր, մշակութային կեանքի, կրթական աշխատանքի ու ժողովրդանուէր վսեմ գործունէութիւններու հանդիսավայր, ուր իրենց քրտինքով, վճիտ արեամբ ու նուիրումի անօրինակելի հասկացողութեամբ ո՛չ միայն հոգեշարժի մղեցին համեստ գեղջուկին թէ առհասարակ հայու ներաշխարհը, այլեւ անոնք դարձան ատենի նորահաս սերունդին ներշնչումի աղբիւրն ու հետագայ բոլոր սխրանքներուն պատուանդանը:

Ապահովաբար, դաշնակցական աշխարհահայեացքին եռոտանին հանդիսացաւ հայրենապաշտի, ժողովրդանուէրի ու գաղափարանուէրի այն հաստաբեստ կաղնին, որուն տոկունութեան, ամրութեան, անսասանելիութեան մէջ իրենց անգնահատելի ներդրումը ունեցան    դաշնակացական հաւատաւոր սերունդներ, իրենց կենդանի օրինակին ընդմէջէն ցոյց տալով սխրանքներու եւ գաղափարական հասունացման ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնները, արհամարհելով դաժան կախաղաններու, բանտերու, նկուղներու եւ տառապանքներու անդոհանքը:

Արդ, ամրապնդենք այդ եռոտանին ներկայ օրերուն անգամ:

 

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուած Կը Պատժէ՞ Մեզ…

Յաջորդը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Փառաբանեց. Հայ Գիրքը Եւ Հայոց Լեզուն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.