Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնի Ամանորեան Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Հայկական Աւանդական Կաղանդի Տօնավաճառ

December 8, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ  մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի, երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԲԸՄ-ի Անթիլիասի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական  աւանդական Կաղանդի տօնավաճառին: ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի տիկնանց համախմբումին  կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Գալին Վանլեան-Եաւէրեան,  որ անգլերէնով ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք  նպաստեցին այս ձեռնարկի իրագործման:  Եաւէրեան յատուկ մատնանշումով  շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մշակոյթի  նախարար Կապի Լայեունի, որ իր ներկայութեամբ  յաւելեալ հմայք տուաւ ձեռնարկին:

Եաւէրեան յայտնեց, որ ցուցահանդէս-վաճառքին ներկայացուած ձեռագործները, զարդեղէններն ու նուէրները արգասիքն են տիկնանց յանձնախումբի անդամներու ժրաջան գործունէութեան եւ ՀԲԸՄ-ի բարեկամ հաստատութեանց ցուցաբերած գործակցութեան: Ապա Եաւէրեան բեմ  հրաւիրեց նախարար Լայեունը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար` դրուատելով ՀԲԸՄ-ի եւ առհասարակ հայութեան ներդրումը  Լիբանանի անդորրութեան ու ծաղկումի ճիգերուն:  Նախարարը յատուկ դրուատիքով անդրադարձաւ  ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինին, որ հակառակ տիրող պայմաններուն, յաջողած է նման  նախաձեռնութիւն մը իրագործել` յաղթահարելով  բոլոր արգելքներն ու դժուարութիւնները:

Շնորհաւորելով տիկնանց յանձնախումբի  աշխատանքը` նախարար Լայեուն նաեւ մաղթեց,  որ համերաշխութիւնը գերիշխէ ու տիրէ ամէնուրեք, որովհետեւ  միայն այդ ձեւով է, որ իրականութիւնները կը բացայայտուին:

Ապա ՀԲԸՄ-ի «Կարմիրեան» վարժարանի աշակերտներ յատուկ համազգեստով ու Կաղանդի  գլխարկներով, իրենց ձեռքերուն փոքր մոմակալներով երգեցին Կաղանդի յատուկ  հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն երգեր, ինչպէս`  «Լուռ գիշեր» «Ճոյ թու տը ուըրլտ» «Լէյլըթ իտ»  եւ այլն` մեծապէս խանդավառելով ներկաները:  Ցուցահանդէսի սրահի մուտքին ուշագրաւ էր  հայկական այն բացառիկ գորգը, որուն վրայ հայերէն տառերով նախշուած ու բանեցուած էին գրաւեալ հայկական հողամասերու տոհմիկ տարազները` իրենց համապատասխան  անուններով:

Տօնավաճառը, որ կը շարունակուի մինչեւ կիրակի, 9 դեկտեմբերի երեկոյ, կ՛ընդգրկէ  հայկական աւանդական ճաշեր ու անուշեղէններ, հայկական ձեռարուեստ, ամանորեան տնային յարդարանքի զարդեղէններ, տուրմեղէն, կանացի զարդեղէն, գեղանկարչական  ստեղծագործութիւններ եւ ձեռային աշխատանք:  Ցուցադրուած զարդեղէնները իրենց տօնական  «յարդարանք»-ով եւ տպաւորիչ գրաւչութեամբ առանցքը կը կազմէին ներկաներու  հետաքրքրութեան:

 

 

Նախորդը

Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Նիկոլ Յարութիւնով Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

Աստուածաբանութեան Ուսանողներու Այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.