Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հզօր Սփիւռքը Երաշխիքն Է Հզօր Հայրենիքին» Նշանախօսքով. Ռատիոթոնին Առիթով Հարցազրոյց` Դոկտ. Ժան Սալմանեանի, Սագօ Արմէնեանի Եւ Գրիգոր Թերզեանի Հետ

December 7, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Աշխարհի ամէնէն դիւրին ու արագ միջոցառումը  քանդելն է: Բամբասանքի մէկ արտայայտութիւն  բաւարար է «քանդելու» անհատի մը տարիներու վրայ կերտած նկարագիրի վարկն ու համբաւը: Մոլեգին վայրկեանի մը մէջ արձակուող փամփուշտի զարկ մը բաւարար է ֆիզիքապէս  «քանդելու»  թիրախը եւ անոր ընտանեկան պարագաներու ճակատագիրը: Իսկ այս օրերուն  մեր շուրջը կատարուող կոյր ռմբակոծումի հրթիռ մը բաւարար է վերջ տալու, «քանդելու»  մարդկային զոհերու կողքին տարիներու վրայ կերտուած հաստատութիւններ ու բնակարաններ, ազգային ու հոգեւոր կառոյցներ եւ աւելին`   քանդելու թիրախին գոյատեւելու յոյսն  ու կամքը: Թիրախներ, որոնցմէ հեռու չէ հայութիւնը`  հայրենիքի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ  թէ  սփիւռքահայ որեւէ գաղութի մէջ:  Լիբանանահայութիւնը  իր մորթին վրայ ապրեցաւ  այս անկոչ ու անբաղձալի հոգեվիճակը, բայց այսօր վերստին աշխուժ է: Նմանապէս եւ  հայրենի  Արցախը «քանդուեցաւ», բայց վերստին  յարութիւն առաւ աւելի հզօր, ինքնիշխան ու պատուաբեր կեցուածքով: Այսօր, նոյն վիճակի մէջ կը տապլտկի սուրիահայութիւնը, որ սակայն անպայմանօրէն պիտի կարենայ վերստին ոտքի կանգնիլ ու շարունակել իր հայակերտումի վսեմ երթը: Եթէ «քանդում»-ին թիրախը երէկ Արցախն  ու Լիբանանն էր, իսկ այսօր` Սուրիան, սակայն  վերականգնումի «երկունք»-ը համահայկական էր: Այդպէս եղաւ Արցախի ու Լիբանանի արիւնալի դէպքերէն ետք, մանաւանդ հայրենիքի 7 դեկտեմբերի 1988-ի ահարկու երկրաշարժէն ետք, երբ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը փութաց լումայ առ լումայ հաւաքելով կեանք ու  աւիշ ներարկել «քանդուող» հայօճախին` փորձելով վերականգնել զայն, ու յաջողեցաւ: Այսօր հայութիւնը, լիբանանահայութիւնը իր կարգին,  ձեռք կ՛երկարէ  ոտքի կանգնեցնելու ընկճուող սուրիահայութիւնը:

Տարեկան իր ընթացիկ դրամահաւաքի ծիրին մէջ,  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ձեռնարկած  է միօրեայ ռատիոթոնի, որ այսօր` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին պիտի ձայնասփռուի «Վանայ  ձայն»-էն: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ նշեալ մարմինի անդամներէն դոկտ. Ժան  Սալմանեանի, Սագօ Արմէնեանի եւ Գրիգոր  Թերզեանի հետ:

Ստորեւ,  հարցազրոյցին հիմնական մասերը.

ՀԱՐՑՈՒՄ- «Հայաստան»  համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը  ձեռնարկած է միօրեայ ռատիոթոնի,  կ՛ուզէ՞ք  այս առիթով  վերյիշեցնել մեր ընթերցողներուն  այս հիմնադրամին  կառոյցն ու առաքելութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ-  «Հայաստան»  հիմնադրամը կը  գործէ քսան տարիէ ի վեր` հովանաւորութեամբ  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այսօր անիկա կը գործէ սփիւռքահայ քսանհինգ  գաղութներու մէջ` հիմնական նպատակ ունենալով օգնելու հայուն, ուր որ պէտք է` հայրենիքի,  Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ թէ որեւէ այլ հայօճախի  մէջ:

Հ.- Ձեր ռատիոթոնը կը կայանայ այսօր` 7 դեկտեմբերին, որ հայրենի երկրաշարժին  24-րդ  տարելից-սգատօնն է: Ինչո՞ւ  այս զուգադիպութիւնը:

Պ.- Այսօր հայութիւնը, համայն աշխարհի հայութիւնը, կը վերյիշէ երկրաշարժի տխուր պահերը եւ ստեղծուած արիւնաքամ վիճակը,  որուն այսօր մատնուած է սուրիահայութիւնը: Անկախ միջոցէն` երկրաշարժի թէ ռմբակոծումի հետեւանքով, հետեւանքը նոյնն է` աւեր ու քանդում: Նոյն ցաւը ապրողները իրարու վիճակէն լաւ կը հասկնան: Մենք կը հաւատանք, որ  հայութիւնը ինչպէս որ երկրաշարժի աղէտի ատեն փութաց իր ազգակիցներու օգնութեան, այսօր եւս նոյն հաւատքով ու ոգիով պիտի փութայ իր լուման տալու:

Հ.-  Լիբանանի մէջ ո՞ր կեդրոնները նկատի առնուած են դրամահաւաքի համար:

Պ.–  Պուրճ Համուտի մէջ` «Վանայ ձայն» 01/26757,  01/241199
«Համազգային» գրախանութ` «Շաղզոյեան» կեդրոն, 01/241263, 01/241264
ԼՕԽ-ի «Արաքսի  Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, 01/265359,  01/2537793
Պէյրութ` Հայկազեան համալսարան,  01/349230
Զալքա` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն,  04/710736, 04/710737
Տըպպայէ` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոն,   04/523043
Այնճար` «Սարգիս  Զէյթլեան» կեդրոն,  08//620319
Ժմմէյզի` «Թէքէեան» մշակութային միութեան կեդրոն:

Հ. – Ցարդ  գլխաւոր ի՞նչ իրագործումներ  կատարած է «Հայաստան» հիմնադրամը:

Պ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը գործօն ներդրումով մասնակցած է «Հայաստան» հիմնադրամի ծրագիրներու իրագործման: Հայաստանի ու Արցախի տարածքին լիբանանահայութեան ջանքերով իրագործուած են.

– Երկրաշարժի աղէտի գօտիին մէջ բնակելի շէնքերու կառուցում
– Գորիս – Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցում
-Արարատեան մարզի Մարմարաշէն գիւղի նոր թաղամասի ջրամատակարարում
– Արցախի Մարտակերտ մարզի Մատաղիս գիւղի մանկապարտէզի նորոգութիւն եւ կահաւորում
– Տաւուշի մարզի Նոյեմբերեանի հիւանդանոցի  ամբողջական նորոգութիւն
– Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքի «Զանգեզուր» սրտաբանական կեդրոնի կառուցում
– Շուշիի Մեծ Շէն գիւղի համայնքային կեդրոնի  կառուցում
– Արցախի Մարտունի մարզի Սարգսաշէն գիւղի  ջրամատակարարում

Հ.- Գլխաւորաբար որո՞նք մաս կը կազմեն այս մարմնին:

Պ.- Լիբանանի պարագային` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.  վեհափառ հայրապետը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, երեք համայնքներն ու յարանուանութիւնները,  ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչը եւ ազգային բարերար Գաբրիէլ  Չեմպերճեան:

Հ.- Ձեր նպատակի իրագործման համար քարոզչական ի՛նչ միջոցներու կը դիմէք:

Պ.- Գրաւոր թէ բանաւոր մամուլով ելոյթ կ՛ունենանք: Օրինակ, տարեկան մէկէ աւելի առիթներով հարցազրոյց կ՛ունենանք  թերթերու թէ ձայնասփիւռի կայաններու հետ: Ըստ առիթի կը հրատարակենք որմազդներ եւ թռուցիկներ, տարեկան մեր յատուկ անգլիատառ եւ հայատառ  հրատարակութեան` «Ոսկեհատոր»-ի (Կոլտընպուք) կողքին, որ կը տպուի քսան հազար տպաքանակով, ինչ որ նկատառելի թիւ է հայ մամուլին մէջ:

Հ.- Այսօրուան ձեր ռատիոթոնը հիմնականին մէջ ի՞նչ նպատակով է:

Պ.- Բնականաբար` հայրենիքի եւ Արցախի հրատապ կարիքներուն համար: Բայց այս անգամ նկատի ունինք նաեւ Սուրիոյ մեր ազգակիցներու պարագան, հետեւաբար այսօրուան հասոյթէն կարեւոր բաժին մը պիտի յատկացնենք սուրիահայ գաղութի մեր ազգակիցներուն:  Նմանապէս, ի մտի ունինք Լիբանանի մեր կրթական կառոյցները, յատկապէս որ սուրիահայ մեր եղբայրներու Լիբանան ժամանումով, զգալի թիւով սուրիահայ աշակերտներ աւելցած են մեր վարժարաններուն մէջ:

Հ.- Գաղտնիք մը չէ,  որ այս օրերուն շրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը կ՛ապրի տնտեսական սուր տագնապի մէջ, որմէ զերծ չենք նաեւ լիբանանահայերս:  Ինչպէ՞ս կ՛ակնկալէք, որ  լիբանանահայութիւնը ընդառաջէ ռատիոթոնի  կոչին:

Պ.- Այս առաջին անգամը չէ, որ մենք կը դիմենք մեր գաղութի ազգակիցներուն: Յաճախ դիմած ենք եւ միշտ ալ սրտբաց ու առատաձեռնօրէն  ընդառաջած են մեզի: Աւելի կարեւորը սակայն  գումարի քանակը չէ, այլ տալու ոգին, ազգակիցին օգնութեան փութալու պատրաստակամութիւնը: Մենք ասոր փաստը տեսանք անցեալին, յատկապէս` եղերական ու տարերային երկրաշարժի դէպքէն ետք: Այսօր ալ կը հաւատանք, որ մեր ազգակիցները դրական պիտի պատասխանեն մեզի, հոգ չէ թէ լումաներով: Հասոյթը, որքան որ ալ ըլլայ անիկա,  խորհրդանշական վարակիչ եւ օրինակելի իմաստ ու պատգամ ունի, հիւանդը բուժող, կարիքաւորին հասնող, յուսահատը վերստին ոտքի կանգնեցնող,  խթանող ու ներշնչող բալասան է…

Հ.- Այս ռատիոթոնը միայն հայերու՞ն ուղղուած է.  ոչհայերու կամ օտար կազմակերպութիւններու  դիմա՞ծ էք:

Պ.- Ոչ, բայց եթէ ոեւէ մէկը ուզէ մասնակցիլ, մենք ոչ մէկ արգելք ունինք:


Նախորդը

Ելեկտրականութեամբ Խաւարած Գիշեր Մը

Յաջորդը

Անդրադարձ` «Հայաստան» Համահայկական Ռատիոթոնին Առիթով. Անդառնալի Ուղին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.