Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճար Հայաւանի Հսկան «Արեւ» Ճաշարանը

December 3, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Շուրջ տասը տարիներ առաջ Այնճար հայաւանի դիմագիծը սկսաւ փոխուիլ շնորհիւ «Արեւ» ճաշարանին: Անոնք, որոնք Այնճարի ճամբան չէին գիտեր, «Արեւ» ճաշարանին պատճառով սկսան ծանօթանալ գիւղին, հոգ չէ թէ` յաճախ միայն իր ծայրամասով, այնքան մը, որ անոնք, որոնք Այնճարը ո՞ւր է կը հարցնեն, պատասխանը կ՛ըլլայ «Արեւ» ճաշարանի մօտ: Երբեմն յաճախորդները մինչեւ Այնճարի ակի մօտ եղող ճաշարանները կը հասնին ու կը փնտռեն «Արեւ» ճաշարանը:

Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ո՞ւր է գաղտնիքը ոչինչէն սկսած ու այդքան մեծ համբաւի տիրացած ճաշարանի մը, որ կը դողացնէ Զահլէի Ուատիի գետեզերքի հռչակաւոր դարձած ճաշարանները: «Արեւ»-ի համբաւը այսօր տարածուած է ամբողջ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն դուրս շրջակայ երկիրներ` Սուրիա, Յորդանան եւ այլ արաբական երկիրներ` շնորհիւ ամենակարող համացանցին: Այս գաղտնիքին որոշ ծալքերը պարզելու համար օր մը հարցազրոյցի նստանք «Արեւ» ճաշարանի պատասխանատու եւ տնօրէն Յովիկ (Յովհաննէս) Զէյթլեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սիրելի՛ Յովիկ, կարելի՞ է որոշ տեղեկութիւններ տալ ոչինչէն սկսած եւ այնքան մեծ հռչակի տիրացած «Արեւ» ճաշարանին մասին: Լսած ենք, որ հայրդ` Պօղոսը, 1950-ական թուականներուն «պուշար» կը ծախէր Պէյրութի Ուաթուաթ թաղին մէջ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեծ հայրս` Ճեպել Մուսայի խըտըրպեկցի Յովհաննէս Զէյթլեանը, խոհարար եղած է Թրիփոլի «Այ. Փի. Սի.» ընկերութեան մէջ: իսկ երեք հօրեղբայրներս Միացեալ Նահանգներու մէջ հացի փուռեր ունեցած են: Հայրս` Պօղոսը, Այնճարի մէջ 70-ական թուականներուն ունէր  նպարեղէնի արտադրութիւններու մեծաքանակի կեդրոն մը` «Օքազիոն» անունով, որուն կողքին ունէինք նաեւ փուռ մը: Լիբանանեան ներքին պատերազմին պատճառով հօրս գործը սկսաւ տկարանալ, որովհետեւ գիւղէն դուրս յաճախորդները դժուար թէ կարենային հասնիլ: Մօրենական մեծ հօրս` խըտըրպեկցի Սերոբ Չամուրլեանի քաջալերանքով եւ օգնութեամբ, հայրս կը գնէ Այնճարի մուտքին, այժմու «Արեւ» ճաշարանի 4500 քառ. մեթր տարածութեամբ հողը: Փոքր սրահի մը մէջ քանի մը սեղաններ եւ աթոռներ զետեղելով` սկսանք աշխատանքի: Գործի լծուած էին, ընտանիքին բոլոր անդամները, հայրս` Պօղոսը, մայրս` Վարդուհին, մօրս մայրը` Պայծառը, որ խմորեղէններու պատրաստութեան մասնագէտ էր: Քոյրս` Մարինէն, եղբայրս` Յարութիւնը եւ ես փոքր էինք: Ցերեկին դպրոց յաճախելով իսկ գիշերները եւ արձակուրդի օրերը ճաշարանին օգնելով` կրցանք մեր ուսումը հասցնել մինչեւ պաքալորէայի վկայականին: Կամաց-կամաց գործը սկսաւ ընդարձակուիլ: Հետագային ընտանիքի անդամներուն վրայ աւելցան գործաւորներ: Երբ մեծցանք, դարձանք երիտասարդ, գործի մէջ առաջնորդողի դերը վերցուցինք: Միայն 1985-ին է, որ ճաշարանը իր «Արեւ» անունով կնքուեցաւ: Գործին մէջ միշտ նորութիւններ մտցուցինք: Իսկ խոհանոցին մաքրութեան եւ կահաւորումին մեծ կարեւորութիւն կու տանք: Մեզի համար յաճախորդը միշտ իրաւունք ունի, ուտելիքին որակը եւ յարմար գիները, ճաշատեսակի բազմազանութիւնը, արագ սպասարկութիւնը մեր յաջողութեան գաղտնիքներն են: Պէտք չէ մոռնամ ըսելու, թէ մեր յաջողութեան կարեւոր ազդակներէն մին ալ ընտանեկան համերաշխութիւնն ու գործակցութիւնն է: Հայր , մայր, քոյր, եղբայրներ, հարսեր, սիրով ու համբերութեամբ իրարու կողքին ենք:

Հ.- Յաճախորդները ընդհանրապէս ո՞ր շրջանէն կու գան:

Պ.- Հետաքրքրական հարցում մըն է: Սկիզբը Պեքայի շրջանէն կ՛ըլլային յաճախորդները, կարեւոր դեր խաղաց Այնճարի մէջ գոյութիւն ունեցող պատմական բերդաքաղաքը, որ օրական Լիբանանէն եւ շրջակայ երկիրներէն այցելուներ կ՛ունենայ: Այնճարի մուտքին մեր ունեցած բարձրորակ սպասարկութիւնը կը քաջալերէր զբօսաշրջիկները, որ յաճախեն մեր ճաշարանը: Անոնք, որոնք անգամ մը կ՛այցելեն, կրկին կու գան` այս անգամ բերելով նաեւ իրենց բարեկամները: Համակարգիչը սկսաւ մեծ դեր խաղալ, մարդիկ տարբեր քաղաքներէ ու երկիրներէ համակարգիչի միջոցով կանխօրօք իրենց տեղերը կ՛ապահովեն: 2008-ին ունեցանք երկու գոց սրահներ` զովացուած եւ ձայնարգելով, խրախճանքի եւ հարսանիքի համար, իրենց գրաւիչ կահաւորումով ու լուսաւորումով: Անոնք «Արեւ» ճաշարանին նոր համբաւ տուին: Ամէն տեսակի յաճախորդներու գոհացում կու տանք. կարելիութիւն ունին անոնք, որոնք ճաշարան կ՛ուզեն նստիլ, անոնք, որոնք կ՛ուզեն ճաշը առնել ու իրենց հետ տուն տանիլ եւ անոնք, որոնք ի վիճակի չեն ճաշարան նստելու, բայց կ՛ուզեն հոն ճաշել, ճաշարանէն դուրս մայթի վրայ իրենց համար սեղաններ դրուած են, զորս կրնան օգտագործել առանց յաւելեալ ծախսի:

Կառատուները մինչեւ 1000 ինքնաշարժի համար տեղ ունին:

Մեզի համար շատ կարեւոր է գիւղին ապահովական վիճակը:

Հ.- Մինչեւ քանի՞ հոգիի կրնաք սպասարկել նոյն ատեն:

Պ.- Մինչեւ 2000 հոգիի:

Հ.- Ձեր օգտագործած հում նիւթերուն` մսեղէն, բանջարեղէն, պտուղներ, որքա՞ն մասը կը ստանաք Այնճարի բերքերէն:

Պ.- Ամրան եղանակին մեր կարիքներուն 30 առ հարիւրը կ՛ապահովենք գիւղին բերքերէն, բայց ձմրան եղանակին այդ քանակը կը պակսի:

Հ.- Ճաշարանը գիւղի մուտքին ըլլալով` դուրսէն եկած յաճախորդներուն համար դիւրամատչելի է, բայց նոյն ատեն գիւղին մէջ ըլլալով` իր անպատեհութիւնները ունի շրջակայ տուներու բնակիչներուն համար: Մինչեւ ուշ գիշեր` երաժշտութեան բարձր ձայնը, ճաշերու հոտին տարածուիլը շրջանին մէջ, աղմուկը, երթեւեկը: Դուք ի՞նչ միջոցներու դիմած էք այդ անպատեհութիւնները նուազագոյնի իջեցնելու համար:

Պ.- Դիւրազգաց հարցի մը վրայ կը դնէք ձեր մատը: Բաւական բարդ խնդիր մըն է: Գործը մեծնալով` հարցերն ալ կը մեծնան: Ձայնի վերաբերեալ, ինչպէս նախապէս յիշեցինք, երկու սրահներ ունինք, որոնք ձայնարգելով օժտուած են: Բաց սրահներու պարագային անոնցմէ եկող ձայնը նուազագոյնի կ՛իջեցնենք: Իսկ առաւօտեան ժամը 1:00-էն ետք երաժշտութիւնը ամբողջութեամբ կ՛անջատեն:

Ինչ կը վերաբերի ճաշերու հոտի տարածումին, անոնց համար ալ զօրաւոր հովահարներ եւ բարձր խողովակներ կը գործածենք` կարելի եղածին չափ հոտերը դէպի բարձրերը ղրկելու համար:

Հ.- «Արեւ» ճաշարանին մեծնալը ի՞նչ ձեւով կ՛ազդէ գիւղին ակին շուրջ գտնուող ճաշարաններու գործունէութեան վրայ:

Պ.- Ջուրին ակին շուրջ ճաշարանները ունին առաւելութիւն մը, որ մենք չունինք, հոն ճաշարանները շրջապատուած են գեղեցիկ անտառներով եւ ջրառատ գետով: Առաւելութիւն մը, որ յաճախ յաճախորդը կը գնահատէ: Միւս կողմէ` մրցակցութիւնը առիթ կու տայ, որ այդ ճաշարաններն ալ իրենց սպասարկութեան որակը բարձրացնեն եւ գիները մատչելի դարձնեն:

Հ.- Կրնա՞ք աշխատաւորներու կազմի մասին գաղափար մը տալ:

Պ.- Մեր աշխատաւորներուն թիւը գործի ամէնէն խճողուած օրերուն կը հասնի մինչեւ 200 հոգիի: Անոնք կու գան շրջակայ գիւղերէն, արաբներ են: Գործին ղեկավարութիւնը ընտանիքի անդամներուն ձեռքն է: Ունինք հայ պաշտօնեաներ, որոնցմէ մաս մը գրասենեակին մէջ կ՛աշխատի, ուրիշներ` ճաշարանին համար կ՛ապահովեն պէտք եղած նիւթերը: Հայ պաշտօնեաներուն թիւը 10-էն աւելի չէ:

Հ.- Գիւղի բնակչութիւնը որքանո՞վ կ՛օգտուի «Արեւ» ճաշարանի գործունէութենէն:

Պ.- Ինչպէս նախապէս յիշեցի, մեր հում նիւթին 30 առ հարիւրը կը գնենք գիւղի արտադրութիւններէն: Դժբախտաբար գիւղը այն մարդուժը չունի, որպէսզի օգտակար ըլլայ ճաշարանի աշխատանքին, այդ պատճառով գործաւորներու աշխատավարձերը որեւէ ձեւով գիւղին օգտակար չեն կրնար ըլլալ: Բայց մենք անուղղակի օգտակարութիւն կ՛ունենանք` մասնակցելով գիւղի ձեռնարկներուն, նիւթապէս օժանդակելով անոնց: Նոյնպէս կ՛օգնենք գիւղի բարեզարդման ու նաեւ ծրագիր ունինք գիւղի ամենաուշիմ ուսանողը հասցնելու բարձրագոյն կրթութեան վկայականին:

 

 

 

Նախորդը

Գեղատեսիլ Այնճարն Ու Ոսկերչական Արուեստը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Չարենցեան Ընթերցումներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.