Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Մը Անջրպետին Մէջ

December 1, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մէկ շաբաթ առաջ Էքոսթար 16-րդ հաղորդակցութեան արբանեակը դէպի անջրպետ արձակուեցաւ: Ան հետը ունէր շատ իւրայատուկ «ճամբորդ» մը` «Լասթ փիքչըրս» անունով (վերջին նկարները) սկաւառակ մը:

Էքոսթար արբանեակը պիտի ծառայէ ամբողջ աշխարհին շուրջ սփռելու հարիւրաւոր պատկերասփիւռի կայաններ: Մինչ անոր յատուկ «ճամբորդը» իր մէջ կը պարունակէ միայն 100 պատկեր: Սակայն այդ 100 պատկերները կը ներկայացնեն ամբողջ մարդկութեան պատմութենէն հատուածներ` ամէնէն կարեւոր դէպքերէն. վկայութիւն մը մեր գոյութեան հետքերուն իբրեւ յիշատակ:

Այս սկաւառակին միտքը յղացած եւ իրագործած է ամերիկացի արուեստագէտ-աշխարհագրագէտ թրեւըր փլէյճըն:

Ան հինգ տարի աշխատած է նշանաւոր գիտնականներու, արուեստագէտներու, մարդաբաններու եւ փիլիսոփաներու հետ` այդ 100 նկարները ընտրելու համար: Սելիսիոմ նիւթէ պատրաստուած, ալիւմինոմէ եւ ոսկիէ խառնուրդով մը պահպանուած այս սկաւառակը անջրպետին մէջ կրնայ տոկալ միլիառաւոր տարիներ:

Թրեւըր Փլէյճընի համար այս սկաւառակը չէ պատրաստուած արտերկրային էակներու հետ հաղորդակցելու համար: Ըստ անոր, այս սկաւառակին շնորհիւ, հազարաւոր, միլիառաւոր տարիներ ետք մարդոց շինածը տակաւին պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ աստղերուն միջեւ:

Գիտնականներ, որոնք կը հաւատան, թէ արտերկրային էակներ գոյութիւն ունին, արդէն անջրպետ ղրկած են առարկաներ` անոնց հետ հաղորդակցիլ փորձելու համար:

1972 թուականին «փայոնիր» անջրպետանաւը իրեն հետ տարաւ ոսկիէ տախտակ մը, որուն վրայ փորագրուած էին այր մարդու մը եւ կնոջ մը պատկերները, ջրածինի  հիւլէ մը եւ երկրագունդին դիրքը` արեգակնային դրութեան մէջ:

Ապա 1977-ին ոսկիէ վինիլ սկաւառակ մը ղրկուեցաւ անջրպետ` «Վայըճր-1» եւ «Վայըճըր-2» անջրպետանաւերուն մէջ: Ան կը պարունակէ երկրագունդի վրայի կեանքէն եւ մշակոյթէն ձայներ եւ պատկերներ:

Այժմ «Վայըճըր-1» եւ «Վայըճըր-2» լքած են մեր արեգակնային դրութիւնը, եւ մենք ոչ մէկ կապ ունինք այլեւս «Փայոնիր»-ին հետ, 2003 թուականէն ի վեր:

Արդեօք օր մը դէպի անջրպետ մարդուն ղրկած այս «նամակները» պիտի անցնի՞ն անջրպետի մէջ ապրող այլ էակներու ձեռքը…

 

Անջրպետին Մասին

  • Ինչո՞ւ մոլորակները կլոր են

Ժամանակին մարդիկ կը կարծէին, թէ երկրագունդը տափակ էր: Ապա մէկը բացայայտեց, որ երկրագունդը եւ միւս մոլորակները կլոր էին: Մոլորակները կլոր են ձգողական ուժին պատճառով: Երբ մոլորակները կը կազմուին, ձգողական ուժը նիւթերը կը քաշէ դէպի մոլորակին կեդրոնը: Երբ ասիկա կը պատահի, մոլորակին բոլոր բաժինները նոյն ձեւով կը քաշուին դէպի մոլորակին կեդրոնը. ասիկա անոր կու տայ այդ իւրայատուկ կլորակ ձեւը: Սակայն, ոչ բոլոր մոլորակները իսկապէս կլորակ են: Օրինակի համար, որովհետեւ երկրագունդը ինքնիր վրայ կը դառնայ, ձգողական ուժը մոլորակին մէջտեղը պզտիկ ուռեցք մը կը յառաջացնէ:

  • Ինչո՞ւ աստղերը կը փայլին

Աստղերը իսկապէս չեն փայլիր:

Անոնք պարզապէս այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն: Մեզի կը թուի, թէ աստղերը կը փայլին, որովհետեւ մենք զանոնք կը տեսնենք երկրագունդին մթնոլորտին մէջի տաք եւ պաղ օդի թանձր խաւերուն ընդմէջէն: Եւ որովհետեւ օդը կը շրջի, աստղին լոյսը կը ծռի, երբ ան մթնոլորտին մէջէն կ՛անցնի: Ամէն անգամ մենք աստղին կը նայինք, անոր ճամբան թեթեւօրէն կը շեղի` անոր տալով փայլքի մը տպաւորութիւնը:

 

 

  • Ինչո՞ւ մենք անջրպետին մէջ չենք կրնար շնչել

Զգողական ուժը ամէն ինչ իր տեղը կը պահէ երկրագունդին վրայ, անոնց կարգին նաեւ` մթնոլորտին մէջի թթուածինը: Մենք թթուածինի պէտք ունինք շնչելու եւ կենդանի մնալու համար: Երկրագունդին մթնոլորտը մեզի կը հայթայթէ այդ թանկարժէք նիւթը, որպէսզի մենք կարենանք ապրիլ: Անջրպետին մէջ գոյութիւն ունին տեսակաւոր կազեր, ինչպէս նաեւ` թթուածին: Սակայն որովհետեւ անջրպետին մէջ շատ քիչ ձգողական ուժ գոյութիւն ունի, ոչինչ կրնայ իրարու մօտ բերել եւ կապել այդ կազերը` մթնոլորտ մը ստեղծելու համար: Հետեւաբար անջրպետին մէջի կազերը շատ արագ կը սփռուին շատ հեռաւոր տարածութիւններու վրայ եւ մեզի համար անկարելի կ՛ըլլայ շնչելը առանց յատուկ անջրպետի հագուստ մը հագուելու:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…

  • Աւելի քան 5 միլիառ մոնոփոլիի կանաչ տունիկներ շինուած են 1935 թուականին խաղին շուկայ իջնելէն ի վեր:
  • Մեղուները կրնան տեսնել անդրմանիշակագոյնը, դեղինը, կապոյտը, կապոյտ-կանաչը, բայց ոչ` կարմիրը:
  • Խեչափառները սարդերուն հեռաւոր զարմիկներն են:
  • Միացեալ Նահանգներու Նիւատա նահանգին մէջ գտնուող Լաս Վեկաս քաղաքը աշխարհի ամէնէն լուսաւոր վայրէն է:
  • Նոր Զելանտայի մէջ գոյութիւն ունին օձաձուկեր, որոնք կրնան ապրիլ աւելի քան 100 տարի:

 

 

Խոհագիր

Միքոյին Համեմներով
Կարկանդակը

Ֆինլանտայի մէջ Կաղանդի պատրաստութիւնները կը սկսին հոկտեմբերէն սկսեալ: Խանութներուն ցուցափեղկերը կը լուսաւորուին եւ ընտանիքները կը սկսին զարդարանքներ պատրաստելու: Կը շինուին նաեւ համեմներով կարկանդակներու տեսակներ, որոնց մէկ մասը մէկ կողմ պիտի դրուի Կաղանդ պապային համար:

Պէտք ունիս (4 հոգիի համար)

100 կրամ փափուկ կարագի, 200 կրամ սրճագոյն շաքարի, 2 հաւկիթի, 20 սանթիլիթր հեղուկ քրեմի, 220 կրամ ալիւրի, 1 ապուրի դգալ փոշի կասիայի, 1 սուրճի դգալ մեխակի գամի փոշիի, 1 սուրճի դգալ փոշի կոճապղպեղի (ճինճըր), 1 սուրճի դգալ պէյքինկ փաուտըրի:

Պատրաստութիւն

 

2.- Քառանկիւն ափսէի մը վրայ կարագ քսէ
1.- Փուռը տաքցուր 175 աստիճանի վրայ (թերմոսթա 6):

 

 

4.- Հաւկիթները մէկ-մէկ աւելցուր խառնուրդին վրայ:

 

3.- Փափուկ կարագը խառնէ շաքարին հետ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6.- Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնէ` ալիւրը, համեմները եւ պէյքինկ փաուտըրը:
5.- Աւելցուր քրեմը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

7.- Այս չորս նիւթերը աւելցուր խառնուրդին վրայ եւ խառնէ
8.- Խմորը պարպէ քառանկիւն ափսէին մէջ եւ կարկանդակը փուռին ցած դարանին վրայ դիր եւ եփէ մօտաւորապէս 1 ժամ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել շրթունքի ներկին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել երգիչին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու երգիչները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Դեկտեմբեր 1962)

Յաջորդը

Կարելի՛ Է Վերջ Տալ Սուրիոյ Ողբերգութեան

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.