Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻ՞ՒՆ

April 30, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հաքան Ֆիտան

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հինգշաբթի երեկոյեան Դամասկոս մեկնած թրքական պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ներկայացուցիչներէ, գլխաւորութեամբ ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Պետական ծրագրաւորումի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներէ` գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ղեկավարի տեղակալ Քեմալ Մատենօղլուի: Անոնք հանդիպում ունեցած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` լսելու համար Սուրիոյ մէջ տիրող վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ Ասատի դիրքորոշումը: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Սուրիոյ վարչապետ Ատել Սաֆարի հետ:

Կը նախատեսուի, որ թրքական այլ պատուիրակութիւն մը, ներառեալ` Պետական ծրագրաւորումի կազմակերպութեան ներկայացուցիչները յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին դարձեալ Դամասկոս այցելեն:

Դիւանագէտ մը «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնած է, որ «պատուիրակութեան նպատակը Սուրիոյ ժողովուրդի պահանջին համաձայն ժողովրդավարական եւ տնտեսական բարեփոխումներու ճամբու քարտէս մը պատրաստելն է»:

Ըստ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին, ՄԻԹ-ի ղեկավարը Դամասկոսին ներկայացուցած է արեւմտեան եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն հովանաւորութիւնը վայելող թրքական նախաձեռնութիւն մը, որ կը բաղկանայ 5 կէտերէ` սուրիական կառավարութիւնը ընդլայնելով ներառել Իսլամ եղբայրներու եւ քաղաքացիական հասարակութենէն ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ, բարեփոխումները արագացնել եւ անոնց իւրաքանչիւրին ժամկէտ մը ճշդել, ցուցարարներու դէմ բռնարարքներն ու քաղաքներուն մէջ հարցի զինուորական վճռման ընտրանքը դադրեցնել, ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան ձեռնարկել, ինչպէս նաեւ Տարաայի եւ Պանիասի մէջ պատահած կարգ մը դէպքերու շուրջ հետաքննութիւն կատարել:

ՄԻԹ-ի ղեկավարը Ասատի հետ իր հանդիպումէն ետք վերադարձած է Անգարա, ուր մասնակցած է Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որ կեդրոնացած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան վրայ: Ժողովին զեկուցած է նաեւ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էօմեր Օնհոն, որ կիրակի օր հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ վարչապետին հետ:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը իր 7 ժամ տեւած նիստէն ետք հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը` Ասատին կոչ ուղղելով «իր ժողովուրդին դէմ ուժ չկիրարկելու» եւ բարեփոխումները անմիջապէս գործադրելու: Խորհուրդը նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիա խորապէս կը ցաւի եւ մտահոգ է Սուրիոյ մէջ լարուածութեան եւ զոհերու թիւի մագլցումէն:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին ըսած է, որ իր երկիրը Ասատի վրայ ճնշում բանեցնելու սկսած է բարեփոխումներու ձեռնարկելու համար` Թունուզի նախագահին հրաժարականէն ետք: Ան ըսած է, որ «ոմանք փոփոխութիւնը չեն ընդունիր, իսկ անոնք բացարձակապէս այլընտրանք չունին: Իսկ ուրիշներ աշխատանք կը տանին ժամանակ շահելու, սակայն ժամանակը զիրենք պիտի շրջանցէ»:

 

Նախորդը

ՍԱԼԵՀ ՔԱԹԱՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՈՍԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Յաջորդը

ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐ-ԹՈՒՆՈՒԶԵԱՆ ԲԱՆԱԿ ԲԱԽՈՒՄ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։