Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սայաթ Նովայի Ծննդեան 300-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

November 30, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան եւ «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագրութեան, երէկ` հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ հայ անուանի աշուղ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակը:

Ներկայութեամբ նախկին նախարարներու, երեսփոխաններու, գրասէրներու եւ Սայաթ Նովայի սիրահարներու հոծ բազմութեան, լիբանանեան, հայկական եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին:

Իր հիմնադրութեան 55-ամեակը նշող «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագրական կազմէն Մարալ Գրտոքեան ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Սայաթ Նովայի կենսագրականն ու յայտագիրին գլխաւոր մասերը:

Սայաթ Նովայի բանաստեղծութենէն մէջբերած իր խօսքին մէջ Մարալ Գրտոքեան ըսաւ. «Ահաւասիկ այն աշուղը, որ իր երգերով միջնադարու տաղերը սիրելի դարձուց ժողովուրդին»:

Այս առիթով խօսք առաւ լիբանանցի ծանօթ բանաստեղծ Ապտօ Լապաքի, որ բարձր գնահատանքով վեր առաւ Սայաթ Նովայի գրական ու երաժշտական արժէքները` նշելով, որ յատուկ գրքոյկով մօտերս պիտի հրատարակէ վերջերս Արցախի մէջ կայացած հայ բանաստեղծութեան փառատօնի իր յուշերը եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր յարգանքի խօսքերը: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ, բանաստեղծ Լապաքի Սայաթ Նովան ներկայացուց իբրեւ հայ աշուղական եւ զգացական քնարերգութեան հիմնադիրը:

Ապա խօսք առաւ փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեանի համալսարանական դասընկերներէն Օհան Պոտրումեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ Մուրատեանի նկարագրային ու գրական-բանասիրական արժէքներուն: Մեծ դրուատիքով ներկայացնելէ ետք փրոֆ. Մուրատեանի արժանիքները, Պոտրումեան թուեց անոր ստացած մրցանակները` պետական թէ գրական հանգամանաւոր մարմիններու կողմէ: Ան յայտնեց, որ Սայաթ Նովայի մասին փրոֆ. Մուրատեանի գործերուն մեծ մասը թարգմանուած է օտար լեզուներու:

Իր կարգին, բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան, որ խօսք առնելով նշեց, որ «եկած ենք նշելու Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակը, որ կը տօնուի նաեւ հայրենիքի թէ այլ վայրերու մէջ` հովանաւորութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի»:

Ապա փրոֆ. Մուրատեան աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ Սայաթ Նովայի աշուղական եւ բանաստեղծական վաստակին մասին` հանգամանօրէն նշելով աշուղի եւ գուսանի միջեւ տարբերութեան ըմբռնումը հայ բանասիրութեան մէջ: Մուրատեան թուեց գրական այն գլխաւոր դէմքերը, որոնք սերտած ու գովերգած են Սայաթ Նովայի քնարերգութիւնը, ինչպէս` Յովհաննէս Թումանեան, Եղիշէ Չարենց, Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Նիկոլ Աղբալեան: Նմանապէս, թուրք, վրացի թէ ռուս գրական դէմքեր ալ ներբողած են Սայաթ Նովայի աշուղական արժանիքները, ինչպէս` ռուս բանաստեղծ Եաքով Պոլոնցքի: Քաջածանօթ ըլլալով հանդերձ օսմանեան թուրքերէնի, պարսկերէնի եւ վրացերէնի` Սայաթ Նովա սքանչելի հարազատութեամբ կը գրէր, կ՛երգէր ու կ՛արտայայտուէր հայերէն, յատկապէս` Թիֆլիսի բարբառով: Փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան յատուկ ակնածանքով նշեց Նիկոլ Աղբալեանի ներդրումը Սայաթ Նովայի ստեղծագործութեան գրական արժեւորման ճիգերուն մէջ:

«Պատահմամբ չէ, որ կը յիշեմ ՀՅԴ-ի պատասխանատուներէն Նիկոլ Աղբալեանը, որ իր երկերու Բ. հատորին մէջ կ՛անդրադառնար «Ազդակ» եւ «Ազդարար» թերթերուն մէջ լոյս տեսած իր ուսումնասիրութիւններուն` Սայաթ Նովայի մասին: Սայաթ Նովայի գրական, աշուղական հանճարը մեկնաբանած բանասէրներուն մէջ, ամէնէն ճիշդ ու հարազատ ոճով անդրադարձած է Նիկոլ Աղբալեան, որովհետեւ ի՛նք ալ քաջածանօթ էր Թիֆլիսի հայոց բարբառին», ընդգծեց փրոֆ. Մուրատեան` նշելով, որ 1852-ին Գէորգ Ախվերտեան հրատարակեց «Կուսանք» խորագրեալ իր գիրքը Սայաթ Նովայի մասին, եւ այսօր Սայաթ Նովայի ուսումնասիրութեան 160 տարուան գիտութիւն կայ: Փրոֆ. Մուրատեան նաեւ անդրադարձաւ Թումանեանի նախաձեռնութեամբ «Վարդատօն»-ի կազմակերպման, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս` Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ:

Այս առիթով Նժդեհ Պոտրումեան եւ Նանօր Մաճառեան երգով ու դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցան Սայաթ Նովայի երգերով: Նմանապէս` Շահէ Պապահիկեան ձեռնադաշնակի վրայ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ նուագեց, իսկ Թուխիկ Աւետիսեան ասմունքեց Սայաթ Նովայի խօսքերէն:

Աւարտին, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեան եւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեցին փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեանը:

Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու ներկաներուն անունով փրոֆ. Մուրատեանէն խնդրեց, որ երգէ Սայաթ Նովայի խօսքերէն: Ընդառաջելով` Սամուէլ Մուրատեան հմայեց ներկաները` բուռն ծափողջոյններու ներքեւ երգելով Սայաթ Նովայի բանաստեղծութենէն:

 

Նախորդը

Քրիս Պոհճալեան Ժամանեց Լիբանան

Յաջորդը

«Ազդակ»- Ի Մամլոյ 75-րդ Լսարան. Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան Եւ Ռոպերթ Մլքէեան Զեկուցեցին Գիւմրիի «Պօղոսեան» Կրթահամալիրին Եւ «Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբին Մասին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.