Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Պրուքլին Նեթց յաղթանակ մը արձանագրեց նիւ եորքեան առաջին ճակատումին` երկարաձգման ընթացքին 96-89 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիւ Եորք Նիքսը: Հակառակ անոր որ Նիքսի մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի նշանակեց 35 կէտ, սակայն անոր կազմը կրեց իր 4-րդ պարտութիւնը:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 118-92
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս 96-89
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 108-101
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ 93-92
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 84-78
Օքլահոմա Սիթի – Շարլոթ Հոռնեթց 114-69
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց 105-103
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ


