Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Նկատումներ Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին Մասին

November 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերի երեկոյեան պաղեստինեան խմբաւորումներու եւ Իսրայէլի միջեւ եգիպտական միջնորդութեամբ կնքուած զինադադարը վերջ տուաւ Կազայի դէմ Իսրայէլի նորագոյն յարձակումին: Կնքուածը զինադադար մըն էր եւ ոչ թէ խաղաղութեան համաձայնագիր, այլ խօսքով` ժամանակաւոր բնոյթի փաստաթուղթ մը, որ իսրայէլեան յարձակումին կրկնութիւնը բացառող որեւէ երաշխիք չի բովանդակեր:

Երկու կողմերը իրենց յաղթանակը յայտարարեցին, սակայն իսրայէլեան կողմին մօտ յուսախաբութեան ցուցանիշները ակներեւ էին: Մինչ բազմահազար կազացիներ զինադադարի հաստատման գիշերը փողոցները դուրս գալով իրենց յաղթանակը տօնեցին, իսրայէլեան հասարակութիւնը չհամոզուեցաւ իր ղեկավարութեան այն պնդումներէն, թէ «Պաշտպանութեան սիւն» գործողութիւնը իր նպատակը իրագործած է: Անցեալ չորեքշաբթի գիշեր կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ իսրայէլացիներուն 70 առ հարիւրը Համասի հետ կնքուած համաձայնութենէն դժգոհ է: Կազայի դէմ յարձակումը մեծ վնաս պատճառեց Իսրայէլի տնտեսութեան, սակայն Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ոչ մէկ հարց լուծեց, ինչ որ կրնայ խանգարել երկու ամիս ետք նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին մեծ յաղթանակ արձանագրելու վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ախորժակները:

Աւելի՛ն. իսրայէլեան ղեկավարութեան փառաբանած «Պողպատեայ գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի արձակած եւ իւրաքանչիւրը 60 հազար տոլար արժող հրթիռները չկրցան արգելք հանդիսանալ, որ տեղական արտադրութեամբ պաղեստինեան հազարաւոր հրթիռներ հարուածեն իսրայէլեան բազմաթիւ բնակեցման վայրեր: Ամերիկեան առատաձեռն աջակցութեամբ հաստատուած այդ համակարգին ձախողութիւնը չի կրնար չմտահոգել Ծոցի արաբական երկիրները, որոնք իրանեան «վտանգ»-էն պաշտպանուելու համար մտադիր էին իրենց հողերուն վրայ նոյնպիսի համակարգերու հաստատման համար մեծ գումարներ ներդրելու: Այդ համակարգի ձախողութիւնը իսրայէլեան ղեկավարութիւնը կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկելու Իրանի հիւլէական կեդրոնները հարուածելու իր ծրագիրները, որովհետեւ եթէ միայն Կազայի հետ մեկուսի ճակատումի մը պատկերը այս է, որքան աւելի վատ կրնայ ըլլալ կացութիւնը, եթէ Իսրայէլ Իրանէն, հարաւային Լիբանանէն եւ Կազայէն միաժամանակ հրթիռարձակումներու ենթարկուի:

Հակառակ Կազայի մէջ տիրած տօնական մթնոլորտին, Համասի ապագան յստակ չի թուիր եւ շուտով ներկուսակցական վերիվայրումներ կրնայ դիմագրաւել: Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի ղեկավարած թեւը ներկայիս սիւննի երկիրներէ կազմուած դաշինքի մը կրտսեր գործընկերն է, իսկ Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէի թեւը Իրանի գլխաւորած առանցքին կրտսեր գործընկերն է: Համասի շուրայի խորհուրդին ընտրութիւնը, որ Կազայի դէմ յարձակումին պատճառով յետաձգուած էր, տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս: Մաշաալի հակառակորդները շարժումին ղեկավարութեան վրայ կ՛ուզեն տեսնել Կազայի բնակիչներ եւ ոչ թէ արտասահմանի հանգիստ պայմաններուն մէջ ապրողներ: Մաշաալի շրջանային հովանաւորները զինք Գահիրէ բերելով եւ Իսրայէլի հետ բանակցութեանց մասնակից դարձնելով կը փորձեն Համասի ղեկավարութեան ընտրութեան ընթացքին «չափաւորական» թեւի յաղթանակի առիթներուն օժանդակել:

Այս բոլորին մէջ յստակ չէ, թէ Համասի զինեալ թեւին կեցուածքը ի՛նչ պիտի ըլլայ: Այդ թեւը Իրանի մէջ մարզուած է եւ իսլամական հանրապետութենէն կը ստանայ իր զէնքերը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, նշեալ թեւը Մաշաալի ցուցմունքով եւ իր հրամանատար, իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին իսրայէլեան օդուժին կողմէ ահաբեկուած Ահմետ Սայետ Խալիլ Ժաապարիի հրամանով վերջերս խուզարկած է Համասի իրանեան թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի բնակարանը: Ըստ վարկածի մը, Համասի ներքին բուռն տարակարծութեանց պատճառով կատարուած «անզգուշ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Իսրայէլի առիթը ընծայած է Ժաապարին ահաբեկելու: Այստեղ գոյութիւն ունին մեծ հարցականներ. ի՞նչ պիտի ըլլայ Համասի յետընտրական ներկուսակցական կացութիւնը, ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ կացութեան նկատմամբ զինեալ թեւին կեցուածքը, ինչպէս նաեւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Համասի եւ Իսլամական ժիհատի նման իրանեան զօրակցութիւն վայելող պաղեստինեան այլ կազմակերպութեանց միջեւ յարաբերութիւնը, եթէ Մաշաալի թեւը ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրէ:

Կազայի զարգացումներուն պատճառով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասն ու անոր ղեկավարած Ֆաթհ շարժումը կը գտնուին հետզհետէ լուսանցքայնանալու վտանգին տակ: Անոնց քաղաքական կեանքի յարատեւման միակ յոյսը ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի ոչ անդամ պետութեան կարգավիճակի ապահովումը կրնայ ըլլալ:

Միւս կողմէ, այնքան ատեն որ Թել Աւիւ զինուորական գետնի վրայ կը շարունակէ գերակայ ըլլալ, իսկ Գահիրէ` տնտեսական գետնի վրայ Արեւմուտքէն կախեալ, Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան տակ եղող Եգիպտոս կը շարունակէ ճակատող երկու կողմերուն միջեւ միջնորդի դեր կատարել, այլ խօսքով` իր գաղափարակից Համասին չի կրնար աջակցիլ: Նախագահ Մոհամետ Մուրսի 85 միլիոն բնակչութիւն ու չափազանց վատառողջ տնտեսութիւն ունեցող երկրի մը վրայ կ՛իշխէ եւ արեւմտեան տնտեսական օժանդակութեան բացակայութեան ժխտական ծանր հետեւանքներուն կը գիտակցի:

Եգիպտոսի համար Եւրոպական Միութեան 6.3 միլիառ տոլարի, Միջազգային դրամական ֆոնտի 4.8 միլիառ տոլարի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան կենսական օժանդակութիւնները արգելք կը հանդիսանան, որ Գահիրէ Համասի զինուորական ջանքերուն զօրակցի, թէեւ այդ մէկը Եգիպտոսի նոր վարչակարգին բնական մղումը կրնայ ըլլալ: Ահա թէ ինչու Մուրսի բաւարարուեցաւ իսրայէլեան յարձակումը «անընդունելի» որակելով եւ Թել Աւիւի մէջ Եգիպտոսի դեսպանը տուն կանչելու ձեւական քայլով:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Մեր Երգ Երգոցը. Աւարտական Հանգրուան

Յաջորդը

Նախիջեւանի Մէջ Հակակառավարական Թռուցիկներու Պատճառով Արտակարգ Իրավիճակ Հաստատուած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.